image

Հալէպ. Մահացած է Իտլիպի մարտերուն ծանրօրէն վիրաւորուած Էլի Կրպոյեանը

Հալէպ. Մահացած  է Իտլիպի մարտերուն ծանրօրէն վիրաւորուած Էլի Կրպոյեանը

Իտլիպի մէջ  եղած մարտերուն ընթացքին  ծանրօրէն վիրաւորուած   հայ  զինծառայող  Էլի Կրպոյեանը մահացած է։ 
Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի  իր աղբիւրէն։

Նախնական տեղեկութիւններով Կրպոյեան,  որ վիրաւորուած էր    շուրջ  ամիս մը առաջ,    բոլորելէ  ետք բուժման  շրջան մը,  կրկին  մեկնած է  ճակատ եւ    վիրաւորուած    Ազէզ  շրջանին  մերձ՝     ահաբեկիչ- արձակազէնի մը գնդակով։ Աւելի ուշ  տեղեկութիւն տրուած է  Էլի Կրպոյեանի     մահուան մասին, իսկ  անոր թաղման արարողութիւնը  կատարուած է Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։ Յիշեցնենք, որ  Սուրիոյ   բանակի  զինուոր Էլի  Կրպոյեանը  1994-ի ծնունդ էր։