image

Ամերիկահայ բարերարին նոր նուէրը Հայաստանին՝ թոքեր նկարող ժամանակակից սարք

Ամերիկահայ բարերարին   նոր  նուէրը  Հայաստանին՝    թոքեր նկարող   ժամանակակից  սարք

Ամերիկահայ  գործիչ, առողջապահական համակարգի ձեռներեց Մայք Սարեան, նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի յարուցած խնդիրները, որոշած է Հայաստանին նուիրել թոքերը նկարելու ժամանակակից ու շարժական սարք:

«Արեւելք»-ի տեղեկութիւններով ամերիկահայ գործարարը սարքն արդէն ուղարկած է Հայաստան,  այն, ըստ տեղեկութիւններու, Հայաստան պիտի ըլլայ չորեքշաբթի օր:   

Յայտնի է, որ «Քորոնա» ժահրը կրնայ թոքաբորբ առաջացնել, եւ ըստ Մայք Սարեանի, այս օրերուն շատ կը կարեւորուի նման արդիական սարքի անհրաժեշտութիւնը: 

Մայք Սարեանն ԱՄՆ-ի մէջ կը զբաղուի ամերիկեան խոշոր հիւանդանոցներուն առողջապահական սարքեր ապահովելու գործով,  եւ առաջին անգամ չէ, որ ան նուիրատւութիւն կը կատարէ Հայաստանի առողջապահական համակարգին: Նշուած է, որ կապի մէջ է հայրենի առողջապահութեան պատասխանատուներու հետ՝ «Քորոնա» ժահրը Հայաստան հասնելու օրէն եւ կը հետեւի տարուող պատշաճ աշխատանքին: