image

«Այո՛, «Քորոնա»ն ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ մեր հաւաքական կեանքին վրայ»Լիբանանահայ ՝ Ռիթա Պոյաճեան

«Այո՛,  «Քորոնա»ն    ժխտական ազդեցութիւն  ունեցաւ մեր  հաւաքական  կեանքին վրայ»Լիբանանահայ  ՝ Ռիթա  Պոյաճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ  կրթական մշակ ՝ Ռիթա Պոյաճեանը.

 

-Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի տարածումէն ասդին:


«Քորոնա» վարակի  առաջին պարագան Լիբանան  մուտք գործեց 21 փետրուարին,  եւ   ըստ նախնական  տուեալներու  այդ  պարագան  Իրանէն էր։ Այդ օրէն անցած է երեք շաբաթ, եւ այսօր արդէն առողջապահութեան նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն, երկրին մէջ վարկուածներու թիւը հասած է  130- ի, որոնցմէ 4-ը արդէն մահացան:

Մարդիկ այսօր իսկապէս շատ մտահոգ են, սկսած են վախնալ իրարմէ,  եւ այդ վախը   ձեւով մը փողոցներուն մէջ կ՚երեւի.  շատերը ծածկած են իրենց բերանները, ձեռնոցներ կը կրեն, խանութներուն, ինքնաշարժներուն կամ իրենց պայուսակներուն մէջ   կ՚ունենան ալքոլի  կամ   հականեխող ժելի սրուակներ, որպէսզի այլ մարդոց հետ շփում ունենալէ ետք անմիջապէս ձեռքերնին հականեխեն, եւ այս մթնոլորտը ամբողջ երկրին մէջ կը տիրէ:

Բաց  աստի , մարդոց տնտեսական իրավիճակը եւս շատ վատ է: Մենք շատ լաւ գիտենք, որ Հոկտեմբեր 2019-ին ընթացք առած  յեղափոխութենէն  ի վեր  եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերէն ետք շատ մեծ անկում կրած է երկրի տնտեսական վիճակը, ամէնուր անգործութիւն կը տիրէ, նիւթական անբաւարարութիւն, դրամատուներու հետ դժուարութիւններ, եւ մարդիկ դեռ չէին կրցած մարսել այս բոլորը, երբ վրայ հասաւ «Քորոնա»ի այս հարցը, եւ տագնապը հասցուց իր գագաթնակէտին: Այսօր լիբանանցիները շատ վատ հոգեվիճակի մէջ կը գտնուին, դժբախտաբար։

 

-«Քորոնա»ն որպէս համաճարակ ընկերային տարբեր պայմաններու ստեղծման պատճառ կը հանդիսանայ: Ի՞նչ փոխուեցաւ ձեր կեանքին մէջ «Քորոնա»ի ի յայտ գալէն ի վեր:


«Քորոնա»ի այս հարցէն ետք շատ բան փոխուեցաւ մեր կեանքէն ներս կամ ընդհանրապէս գաղութի կեանքէն ներս. ընկերային եւ մշակութային կեանքը, որ արդէն բաւական թոյլ էր վերջին շրջանին, տկարացաւ, չըսելու համար, որ այս շաբաթ արդէն դադրած է. այսուհետեւ ոչ մէկ միութիւն կամ կազմակերպութիւն պիտի համարձակի ձեռնարկ կամ ընկերային հաւաք կազմակերպել, յատկապէս, որ բոլոր հանրային վայրերը՝ ճաշարաններ, զբօսաշրջիկութեան, մարզանքի եւ այլ վայրեր բոլորն արդէն փակուեցան: Հետեւաբար, մարդիկ տուներէն դուրս կու գան միայն երբ ստիպուած կ'ըլլան գործի երթալ, եւ այս առումով Լիբանանեան կառավարութեան կողմէ արտակարգ դրութիւն յայտարարելը շատ կարեւոր էր, որովհետեւ եթէ այդ մէկը չըլլայ, վիճակը օրէ օր շատ աւելի պիտի բարդանայ եւ շատ արագ ձեւով վարակուողներու թիւը պիտի կրկնապատկուի:

Արտակարգ վիճակի հաստատումով երկրի բոլոր սահմանները պէտք է փակուին եւ առաւելագոյն 2-3 օր տրուի այն լիբանանցիներուն, որոնք երկրէն դուրս կը գտնուին, որպէսզի վերադառնան, նախքան օդակայանի վերջնական փակումը: Պէտք է փակուին նաեւ բոլոր հաստատութիւնները առանց բացառութեան եւ մարդիկ միայն իրենց անմիջական պէտքերը հոգալու, շուկայ երթալու համար դուրս գան, այս պարագային կը շարունակեն գործել միայն դեղարանները, հիւանդանոցները եւ ուտեստեղէն ծախող խանութները կամ  կեդրոնները:

 

 

-Հայկական շրջանակներուն մէջ ինչպէ՞ս է արձագանգը: Հայկական միութիւնները, կազմակերպութիւնները որեւէ ձեւով կը մասնակցի՞ն «Քորոնա»ի դէմ սկիզբ առած պայքարին:


Այսօր  պատկերաւոր ասած  այս  աղէտը բոլորիս համար է. «Քորոնա»  կոչուած  վարակը  հայ, արաբ, իսլամ, քրիստոնեայ, այլազգը չի ճանչնար, բոլորս նոյն «աղէտ»ին մէջ ենք, որը պէտք է դիմագրաւենք, հետեւաբար, հայկական շրջանակներն ալ, նման միւս շրջանակներուն, առաջին հերթին վարակէն զգուշունալու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները գործի կը դրին, բոլոր միութիւնները իրենց ձեռնարկները դադրեցուցին, երգի,  երգի խումբերու փորձերը  դադրած են,  հայահոծ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը կարեւոր հաստատութիւնները՝ ծերանոցը, եկեղեցիները հականեխելու արշաւ սկսաւ, հայկական վարժարանները իրենց հերթին, իրենց դպրոցները հականեխեցին, այսինքն կանխազգուշութեան բոլոր աշխատանքները կը տարուին, ինչպէս կ'ընեն երկրի բոլոր  լիբանացիները։ Օրինակ կարգ մը արաբական եկեղեցիներ կան, որ արդէն փակուած են եւ պատարագ չեն  մատուցեր , մզկիթներու պարագային եւս  իսլամական  համայնքի  ներկայացուցիչներ, յայտարարեցին, որ այլեւս աղօթք տեղի պիտի չունենայ  ցնոր  տնօրինութիւն։

 

-Ի վերջոյ, ի՞նչ կը կարծէք, ի՞նչ պիտի ըլլայ Լիբանանի կրթական տարեշրջանի ճակատագիրը:


Իրականութիւնը, լիբանանցիք, գիտէք, ամէն դժուարութեան դէմ կը փորձեն լուծում մը գտնել: Կրթական հաստատութիւնները, իրենց կարողութեան համաձայն, սկսած են դասընթացքները առցանց  տալ  եւ որոշ չափով այդ դասընթացքները տեղի կ'ունենան, բայց եւ այնպէս, մենք լաւ գիտենք, որ առցանցը պիտի չկարենայ փոխարինել իսկական դասընթացքները, որ տեղի կ'ունենային դպրոցներուն մէջ: Հետեւաբար, նկատի ունենալով, որ այս վիճակը կրնայ նուազագոյնը մէկ կամ երկու ամիս տեւել, ապա կրթական տարեշրջանը, այո, որոշ չափով վտանգուած է: Բայց կը կարծեմ, որ կրթութեան նախարարութիւնը արտակարգ որոշումներ պիտի առնէ հաւանաբար այս վիճակին համար, կամ ծրագիրները սահմանափակելով այս տարուան համար, եւ կամ տարեշրջանը երկարաձգելով  մինչեւ ամառնային շրջան, կամ որոշ դիւրութիւններ տալով, մանաւանդ պետական քննութիւններու պարագային եւայլն, որովհետեւ շատ յստակ է, որ մենք բնական պայմաններու մէջ չէ, որ պիտի լրացնենք այս տարուան կրթական տարեշրջանը: