image

Իւրաքանչիւր անհատ իր կեանքի ընթացքին գոնէ մէկ անգամ «Քորոնա» ժահրով կը վարակուի. Գանատահայ բժիշկ:

Իւրաքանչիւր անհատ իր կեանքի ընթացքին գոնէ մէկ անգամ «Քորոնա» ժահրով  կը վարակուի. Գանատահայ բժիշկ:

Գանատաբնակ նշանաւոր եւ փորձառու բժիշկ, յօդուածագիր, բազմաթիւ գրքերու հեղինակ  Կարպիս Հարպոյեան մամուլին մէջ տպագրուած իր յօդուածներուն մէջ, յաճախ  գրած է «Քորոնա» ժահրի մասին: Տակաւին այս յունուարին, երբ Չինաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման մասին արդէն յայտարարուած էր, բայց շատ տեղեկատուութիւն չկար, բժիշկ Հարպոյեան՝ սփիւռքահայ մամուլին մէջ տպագրած էր  «Ճանչնանք թագաժահրը» յօդուածը: Ի դէպ, «Քորոնա» ժահրը «թագաժահր» անուանելու հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի Կարպիս Հարպոյեանին, որ այդ  անուանումը նախապէս ալ  օգտագործած է  իր հայերէն յօդուածներուն մէջ: Ան ժահրը հայերէնով կոչած է «թագաժահր», իսկ  ժահրի յարուցած հիւանդութիւնները՝ «թագաժահրախտ» (corona virus disease):

Ըստ Գանատահայ բժիշկին, «Քորոնա» ժահրի յարուցիչը coronaviridae ժահրն է, որ առաջին անգամ յայտնաբերուած է 1960-ականներուն, հիւանդի մը մօտ, որ ունէր հարբուխ    եւ  քիթի լորձաթաղանթի բորբոքում:

Կարպիս Հարպոյեանը, նկարագրելով ժահրն ու անոր յարուցած խնդիրները, հանգիստ կը վերաբերի անոր նկատմամբ, նշելով, որ ամէն մարդ իր կեանքի ընթացքին նուազագոյնը մէկ անգամ կը վարակուի «Քորոնա» ժահրով, ուստի կարիք չկայ տագնապելու, փոխարէնը պէտք է միջոցներ ձեռնարկել, դիմակայելու եւ առանց խնդիրներու յաղթահարելու:

Ըստ Հարպոյեանի, բնութեան մէջ «Քորոնա» ժահրը շատ հեշտութեամբ կը հարուածէ կովերը, խոզերը, հաւերը, ինչպէս նաեւ չղջիկները, օձերը եւ շարք մը ընտանի կենդանիներ: «Վարակումը շատ արագ տեղի կ'ունենայ անասուններով, հաւերով եւ օձերով  լեցուած շուկաները, ինչպէս նաեւ  մորթուած կենդանիներու յատուկ շուկաներն  եւ սպանդանոցները»,- նշած է  Կարպիս Հարպոյեան իր յօդուածին մէջ, աւելցնելով, որ «Քորոնա» ժահրը առհասարակ այն ժահրերու շարքէն չէ, որ մարդուն կ'անցնի հեշտութեամբ, իսկ անցնելու պարագային, կ'ունենայ թեթեւ ախտանիշներ,  չհաշուելով որոշ ծանր դէպքեր, որոնց մասին նշած է:

«Մարդոց առաջնային վարակումը տեղի կ'ունենայ վարակուած կենդանիներուն կամ անոնց արտաթորանքին եւ լորձին դպնալով»,- կը գրէ Կարպիս Հարպոյեան: Այնուհետեւ ան կը թուէ մարդէ մարդ փոխանցուող վարակի ուղիները, այն, ինչ  արդէն գիտեն բոլորը եւ  որուն մասին շատ կը խօսուի այսօր, օդակաթիլային ճանապարհն ու  վարակուած մարդու հետ սերտ շփումները: Բժիշկը կը շեշտէ նաեւ  ոչ միայն «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարդոցմէ, այլեւ անոր իրերէն հեռու մնալու հանգամանքը, քանի որ ժահրը, իր նկարագրութեամբ, կենսունակ կը մնայ որոշ մակերեսներու վրայ: Գանատահայ բժիշկի խորհուրդները չորս ամիս  առաջ նոյնն էին, յաճախ լուացուիլ, չհամբուրուիլ հիւանդներու հետ, չօգտուիլ ընդհանուր պարագաներէ, ախտահանել շրջապատը:

 Ըստ Կարպիս Հարպոյեանի, չնայած  այս կամ այն թուով օրեր կը նշուին ժահրը մարմնին մէջ զարգանալու առումով,  բայց մինչեւ օրս յայտնի չէ  մարդու մարմնին մէջ ժահրի «թուխս նստելու» (ձեւակերպումը իրն է-խմբ.) ժամանակաշրջանը:

«Այսինքն,  առողջ մարդը, «Քորոնա» ժահրով  վարակուելէն յետոյ յայտնի չէ, թէ ո՛ր օրը ի յայտ կու գան ախտանիշները: Յայտնի չէ նաեւ, թէ վարակուած մարդը ո՛ր օրը կը վարակէ առողջ մարդու»,- կը գրէ Գանատահայ բժիշկը:  «Քորոնա» ժահրի մասին իր յօդուածով Կարպիս Հարպոյեանը կը նշէ նաեւ, որ «Քորոնա» ժահրով մարդը կրնայ հիւանդանալ որեւէ եղանակի, տարիքը նոյնպէս կապ չունի: 

 «Ժահրը ընդհանրապէս սովորական հարբուխի նշաններով կ'ընթանայ եւ կը տեւէ քանի մը օր: Որեւէ բուժում պէտք չէ, բայց հիւանդը պէտք է մնայ տուն եւ առատ ջուր խմէ»- խորհուրդ կու տայ փորձառու բժիշկը, աւելցնելով, որ մտահոգիչ ախտանշաններու եւ հիւանդագին լուրջ վիճակի պարագային պէտք է դիմել բժիշկի: Իսկ այդ հիւանդագին վիճակը ան կը նկարագրէ քանի մը ախտանշաններով.

- Շնչուղիներու լուրջ բորբոքումներ՝ քթախոռոչաբորբ (sinusitis), քթաբորբ (rhinitis), ըմպանաբորբ (pharyngitis), խռչափողաբորբ (laryngitis), շնչափողաբորբ (tracheitis), ցնցղատապ (bronchitis) եւ թոքատապ (pneumonia): Երեխաները  կ'ունենան  նաեւ միջին ականջի բորբոքում եւ լսողութեան թուլացում:

Իր փորձառութեան ընթացքին բժիշկը հանդիպած է «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու, որոնք ունեցած են նաեւ հոսք քթանցքներէ, կոկորդի ցաւ, ջերմութիւն, գլխացաւ, որոնց  կը յաջորդէ ձայնի փոփոխութիւն ու մեղմ  հազ: Իսկ երբ մարմինը չի կարողանար յաղթահարել ժահրը,  կը յաջորդէ ուժգին հազը, բարձր ջերմութիւնը, թոքաբորբը: Գանատահայ բժիշկը նոյնպէս  ուշադրութիւն կը դարձնէ տարեցներուն, ցած դիմադրողականութիւն ունեցող մարդոց եւ  AIDS ունեցողներուն, այն առումով, որ ծանր ախտանիշները կը նկատուին հիմնականօրէն անոնց մօտ: Ծանր հիւանդները, բժիշկի ցուցմունքով, կը խնամուին հիւանդանոցներու մէջ: Պատուաստ դեռեւս չկայ, բայց այդ ուղղութեամբ կ'աշխատին, կը յիշեցնէ ան:

Այնուհետեւ բժիշկը իր յօդուածին մէջ կը գրէ 2000 թուականէն ի վեր աշխարհով  մէկ  տարածուած «Քորոնա» ժահրի տարբեր տեսակներու մասին: Այսօր աշխարհը սարսափի մատնած ժահրը SARS-CoV-2 տեսակն է, ան կը յիշեցնէ նախորդ տասնամեակի  շարք մը երկիրներու մէջ  տարածուած «Քորոնա» ժահրերը.

-«MERS-Middle East respiratory syndrome» (Միջին Արեւելքի շնչառական համախտանիշ)  (https://www.who.int/emergencies/mers-cov/en/)

-«SARS-Severe acute respiratory syndrome» (Ուժեղ անակնկալ շնչառական համախտանիշ)  (https://www.who.int/csr/sars/en/)

2003-ին աշխարհով 774 մարդ մահացած է «SARS» «Քորոնա» ժահրէն:

2012-ին MERS «Քորոնա» ժահրը համաճարակի ձեւով տարածուած է  Միջին Արեւելք՝ խլելով 858 մարդու կեանք: Այն սկիզբ առած էր  Սէուտական Արաբիայէն, ապա տարածուած Ափրիկէ, Ասիայի տարբեր երկիրներ եւ Եւրոպա:

2014-ին երկու վարակուած մարդ  յայտնաբերուած է  Հիւսիսային Ամերիկա:

 2015-ին այս ժահրը յայտնուած է Քորէական տարածաշրջան եւ արդէն, ինչպէս գիտենք, 2019-ին Չինաստան յայտնաբերուած է  300 դէպք: Քանի որ յօդուածը լոյս  տեսած է յունուար 2020-ին,  վերջին զարգացումներու մասին բժիշկը, բնականաբար ոչինչ գրած է: Մինչեւ «Քորոնա»  վարակի  քննութեանց յայտնուիլը, Կարպիս Հարպոյեան նշած է, որ «Քորոնա» ժահրը կը հաստատուի քթանցքի, կոկորդի հեղուկի եւ խորխի տարրալուծարանային մշակումով, ինչպէս նաեւ՝ արեան քննութեամբ ու թոքերը նկարելով:

«Տարածումը մտահոգիչ է, բայց ոչ՝ ահաբեկիչ»,- կը նշէ բժիշկը, յորդորելով հետեւիլ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ցուցմունքներուն:

Անուշ Թրուանց