image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա» վարակի պատուա՞ստ. Նուպար Աֆէեանի ընկերութիւնը արտադրած է «քորոնա» վարակի յատուկ պատուաստ մը

«Քորոնա» վարակի պատուա՞ստ. Նուպար Աֆէեանի ընկերութիւնը արտադրած է «քորոնա» վարակի յատուկ պատուաստ մը

Moderna Therapeutics ընկերութիւնը, որ կը գտնուի ԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգին մէջ 42 օրուան մէջ ստեղծուած է ծինային նոր մեթոտով COVID 19 քորոնա ժահրի պատուաստանիւթ եւ զայն ուղարկած են փորձարկելու:

Moderna Therapeutics-ի համահիմնադիրն ու նախագահը ամերիկահայ Նուպար Աֆէեանն է։

Time-ի տեղեկութիւններով՝ պատուաստանիւթի առաջին սրուակները ուղարկուած են ԱՄՆ Դիւրազգացութեան ու վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկ (NIAID), որ կը նախապատրաստուի Ապրիլին մարդոց վրայ պատուաստանիւթի փորձարկումներ կազմակերպել:

Առողջութեան ազգային հիմնարկի գիտնականները նաեւ սկսած են փորձարկել էպոլայով վարակուած հիւանդներու համար հակավարակային դեղամիջոցը։ Այս պատուաստանիւթն առաջինն է, որ պիտի անցնի փորձարկման փուլ։ Կամաւորը Diamond Princess նաւուն վրայ «քորոնա» ժահրով վարակուած ուղեւորն է։ Ուսումնասիրութեան պիտի մասնակցին նաեւ COVID-19-ով ախտորոշուած այն անձինք, որոնք  հիւանդանոց տեղափոխուած են:

Նշենք նաեւ, որ Նուպար Աֆէեանը 2015 թուականին Ռուբէն Վարդանեանի եւ Վարդան Կրեկորեանի հետ մասնակցած է «100 կեանք» մարդասիրական նախաձեռնութեան հիմնման: