image
Հրատապ լուրեր:

Հրատապ.Պէյրութի մէջ «Քորոնա»ի երկրորդ պարագան հաստատուեցաւ

Հրատապ.Պէյրութի  մէջ  «Քորոնա»ի  երկրորդ պարագան  հաստատուեցաւ

 Լիբանանի  առողջապահութեան նախարարութիւնը քիչ առաջ հաստատեց,  որ երկրին մէջ առկայ է «Քորոնա»    վարակով հիւանդ  պարագայ մը  այդպիսով   երկրին մէջ  բարձրացնելով     «Քորոնա»ով հիւանդներու   թիւը երկուքի։

  Կը նշուի  նաեւ, որ վարակը  կրող  պարագան   կապ ունի   շաբաթ մը առաջ յայտնաբերուած    պարագային հետ,  ու վերջերս երկու հիւանդները       կրօնական բնոյթի  այցելութիւն մը տուած էին դէպի Իրան։

 

Յիշեցնենք, որ   երկու հիւանդներն ալ կը գտնուին Պէյրութի «Ռաֆիք  Հարիրի»ի անուան  հիւանդանոցին մէջ, որ  այսօրուան  կտրուածքով կը համարուի այդ  վարակի  բուժման   գլխաւոր   հիւանդանոցը։