image
Հրատապ լուրեր:

Ապրիլ 24-ի առթիւ մեծ քայլարշաւ Լոս Անճելոսի մէջ

Ապրիլ 24-ի առթիւ մեծ քայլարշաւ Լոս Անճելոսի մէջ

Լոս Անճելըսի հայ համայնքը միասնաբար ապրիլ 24-ին պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը՝ իրականացնելով շարք մը յիշատակի միջոցառումներ: 

Միջոցառումներուն մասնակից կազմակերպութիւնները մէկտեղելով ջանքերը պիտի կազմակերպեն սրբադասուած նահատակներու յիշատակման արարողութիւն՝ պահանջելով արդարութիւն եւ հատուցում:

Կը մասնակցին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ մարմինը (UACLA), Միացեալ հայ երիտասարդները (UYA) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնաժողովը (AGC), որուն մէջ կը մտնեն Հայ Առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիները, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը, Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը, Ամերիկայի արեւմտեան շրջանի Հայ դատի Յանձնախումբը, Ամերիկայի հայկական համագումարը, Հայ Ամերիկեան խորհուրդը, Հայ իրաւաբաններու միութիւնը, Պոլսահայ միութիւնը, Հայ օգնութեան միութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ-ն եւ այլ կազմակերպութիւններ:

Միջոցառումներու ծրագրով կը նախատեսուի ուխտագնացութիւն դէպի Մոնթէպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր, ուր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ծաղիկներ պիտի խոնարհեն յուշարձանի մօտ:

Այնուհետեւ նախատեսուած է արդարութեան քայլարշաւ, որ պիտի սկսի Հոլիուտի Փոքր Հայաստան թաղամասէն եւ պիտի շարունակուի դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի հրապարակ: Կէսօրին նախատեսուած է օրուայ եզրափակիչ միջոցառումը, որն է ՝ միացեալ բողոքի ցոյց Թուրքիոյ հիւպատոսութեան առջեւ: Համայնքը կրկին իր ձայնը պիտի բարձրացնէ եւ պիտի պահանջէ արդարութիւն ու փոխհատուցում:

 

Լուրը՝  «Ասպարէզ»էն