Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Հալէպի միջազգային օդակայանի խափանուած աշխատանքը վերսկսած է այսօր. Դամասկոս-Հալէպ ուղղութեամբ առաջին օդանաւը վայրէջք կատարած է Հալէպի մէջ: Այդ մասին յայտնած է օդակայանի տնօրէնութիւնը՝ հրապարակելով նկարներ սպասուած վայրէջքէն:
Օդակայանի աշխատանքի վերագործարկման մասին օրեր առաջ յայտարարած էր Սուրիոյ կառավարութիւնը:
Առաջիկայ օրերուն նախատեսուած է նաեւ կանոնաւոր թռիչքներ իրականացնել Հալէպի եւ Գահիրէի միջեւ: