image

Պէտք է անպայման տարածենք մեր նախնիներէն մեզի փոխանցուած աւանդական ասեղնագործութիւնը.Այտա Սանդուրեան

Պէտք է անպայման  տարածենք  մեր  նախնիներէն մեզի փոխանցուած  աւանդական  ասեղնագործութիւնը.Այտա  Սանդուրեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան  տիկնանց յանձնախուբի ատենապետուհի՝ Այտա Սանդուրեանը:

 

 

 

-Տեղեակ ենք, որ  վերջերս ձեր կողմէ կազմակերպուած  էր  ուշագրաւ ցուցահանդէս մը,   որ   արդէն դարձած է ամենամեայ աւանդութիւն: Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ նման ցուցահանդէսներ Երեւանի մէջ կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը:


Նախքան ցուցահանդէսի նպատակին մասին խօսիլը, կ'ուզեմ հակիրճ կերպով մեր կազմակերպութեան գործունէութեան մասին  քանի մը  հակիրճ խօսք  ըսել: «Սուրիահայերու միութիւն» ՀԿ-ի տիկնանց յանձնախուբը նոր կազմուած է, կը բաղկանայ 9 անդամներէ եւ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ հիմնական 4 ոլորտներու մէջ՝ ուտելիքներու, արծաթագործութեան, ասեղնագործութեան եւ ձեռային  աշխատանքի: Այս բնագաւառներու մէջ գործելով մենք դասընթացքներու եւ ցուցահանդէսներու միջոցաւ կը ջանանք սուրիահայ գործարար արհեստաւորներուն եւ արուեստագէտներուն օգնել, որպէսզի զարգացնեն իրենց գործունէութիւնը եւ  կարողանան իրենց արտադրանքին համար յարմար շուկաներ  գտնել։

Գալով  վերջերս կայացած ցուցահանդէսին, նախ ըսեմ, որ այն կազմակերպուած էր Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ: Ինչպէս գիտէք, անցեալին եւս նման ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են, հիմնական նպատակ ունենալով սուրիահայերու տնտեսական ընդելուզումն ու հայրենիքի մէջ անոնց գոյատեւման ապահովումը:

 

Ցուցահանդէսներու միջոցաւ է, որ յաճախ իրենց արտադրանքը ցուցադրելու եւ վաճառելու խանութ կամ տարածք չունեցող սուրիահայերը առիթ կ'ունենան  ծանօթացնելու իրենց գործերը, ճանչցուելու շուկային մէջ եւ նոր յաճախորդներ ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսի վաճառքէն որոշ եկամուտ ապահովելու:

 

-Այս տարուայ այցելուներու ընդհանուր պատկերը ինչպիսի՞ն էր, ի՞նչ միջավայրի մարդիկ են, որ կ'այցելեն եւ ինչո՞վ հետաքրքրուած էին աւելի շատ:


Նախ ըսեմ, որ այցելուներու միջավայրը կախուած էր ցուցահանդէսի համար մեր նախատեսած վայրէն: Ինչպէս գիտէք, այս ցուցահանդէսը կայացաւ Երեւանի պետական համալսարանի 8-րդ մասնաշէնքին  մէջ, հետեւաբար մեր այցելուներու մեծ մասը եղան ուսանողներ, դասախօսներ, հրաւիրեալներ եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Կրնամ ըսել, որ, այո, երիտասարդութեան հետաքրքութիւնը մեծ էր մեր աւանդական բոլոր ձեռագործներուն, ինչպէս նաեւ ուտեստեղէնին հանդէպ, մանաւանդ որ, ե՛ւ Սուրբ Սարգիսի, ե՛ւ Վալընթայնի սիրոյ տօներուն մօտ օր ըլլալու հանգամանքով պայմանաւորուած, համալսարանի երիտասարդութիւնը մեր տաղաւարներուն մօտենալով իւրայատուկ նուէրներ  գնեց  իրենց մտերիմներուն եւ  հարազատներուն համար:

 

-Արդեօք այս ցուցահանդէսին ընթացքին ճիգ կա՞յ Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներու եւ շրջաններու ձեռքի գործերը հանրութեան ներկայացնելու:


Այո, մեր ցուցահանդէսներուն մէջ կ'ընդգրկենք աւանդական ասեղնագործութեան տարբեր տեսականիները՝ Այնթապի, Ուրֆայի, Վանի, Մարաշի, Սըվազի գործերը, որոնց գեղեցիկ նախշերը մեր ստեղծագործ սուրիահայ կանանց եւ տղամարդոց իւրայատուկ մտայղացումներուն շնորհիւ կ'երեւան տարբեր տեսակի զարդերու եւ իրերու վրայ, դառնալով  նորաձեւութեան նմուշներ:

 

-Նման ցուցահանդէսներու ճամբով մեր աւանդական ձեռագործութիւնը տարածելու գաղափարը ի՞նչ  չափով օգտակար եւ դրական արձագանգներ կը գտնէ հանրութեան մօտ:


Նման ցուցահանդէսները իսկապէս որ մեծ առիթ եղան, որպէսզի մենք մեր մեծ մայրերէն սերունդէ սերունդ ժառանգած հայկական աւանդական ասեղնագործութեան հարուստ մշակոյթը տարածենք, սփռենք, եւ ինչու չէ, նաեւ վաճառենք, զանոնք օգտագործելով ապրանքի տարբեր տեսականիներու վրայ:

Ցուցահանդէսներու միջոցաւ մենք ունեցանք նոր ծանօթութիւններ, նոր կապեր, որոնց շնորհիւ ընդարձակեցինք մեր գործունէութեան շրջագիծը, ու Երեւանէն ու Հայաստանի տարբեր քաղաքներէն բացի, մենք ցուցահանդէսներով հանդէս եկանք արտերկիր՝ Վրաստան, Պարսկաստան, Արաբական Էմիրութիւններ, նաեւ Ամերիկա, ուր հպարտօրէն ներկայացուցինք մեր հայկական աւանդական ասեղնագործութիւնը:

 

-Նման ցուցահանդէսներ արդեօք առիթ կը դառնա՞ն, որ այցելուները հետաքրքրուին կամ նոյնիսկ ուզեն սորվիլ հայկական աւանդական ձեռագործ մշակելու արուեստը:


Այո, մեր ցուցահանդէսներուն ներկայ ըլլալէ ետք, ոչ միայն Հայաստանի, այլնաեւ արտերկրի մէջ շատերու մօտ փափաք առաջացաւ սորվելու եւ տիրապետելու այս նուրբ արուեստի գաղտնիքներուն. այս առումով ցուցահանդէսները շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցան այցելուներուն վրայ, մանաւանդ Հայաստանի տարբեր քաղաքներուն մէջ, մարդիկ ուզեցին սորվիլ մեր աւնադականը: Եւ այսօր, շատեր կը մասնակցին մեր դասընթացքներուն եւ կը սորվին մեր աւանդականը, որ արդէն բաւական տարածուած եղաւ  երեւանեան  շուկային մէջ: