Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Աղան աբեղայ Երնջակեանը, ազատուելով Մայրավանքէն ներս իր ստանձնած պարտականութիւններէն, կոչուած է ծառայելու Դամասկոսի հայոց թեմի` թեմակալ առաջնորդի իշխանութեան ներքոյ:
Հայր Աղան առաջին միաբանն է, որ ծառայութեան պիտի կոչուի Դամասկոսի մէջ 2011 թուականէն ասդին Սուրիոյ մէջ ծաւալած պատերազմի սկիզբէն ի վեր։
Յիշեցնենք, որ Դամասկոսի թեմի առաջնորդն է բնիկ հալէպցի Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեանը։