image

«Մեր երազանքը վեհ հոգիներու, լայն սրտերու, վեհանձն մարդոց երազանք է...» Դովտ. Վիգէն Յովսէփեան

«Մեր երազանքը վեհ հոգիներու, լայն սրտերու, վեհանձն մարդոց երազանք է...» Դովտ. Վիգէն Յովսէփեան

Միացեալ Նահանգներու  Լոս Անճելըս նահանգին մէջ  ՀՅԴ մեծ ընտանիքը  այսօր կը նշէ   դարաւոր կուսակցութեան  հիմնադրութեան   129-րդ  տարեդարձը։

Այդ առթիւ  ամերիկահայ      ազգային-քաղաքական գործիչ   Դոկտ.  Վիգէն Յովսէփեան կատարած է    ուշագրաւ   գրառում մը, որ կը ներկայացնենք  մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։

 

 

  • 129` մտքեր, յոյսեր եւ վճռակամութիւն

Մեր պայքարը գաղափարի եւ իտէալներու համար անհաշտ կռիւ է, կռիւ որ աւելի խոշոր է ու աւելի կարեւոր քան մեզմէ ոեւէ մէկն ու անոր շահերը, աւելին քան ոեւէ մէկուն կամ մէկերուն անմիջական կարիքները, ու նաեւ աւելի մեծ է քան մեր գումարուած եսերը: Մեր գաղափարական պայքարը ժողովրդականութեան ձգտող մրցակցութիւն չէ, ոչ ալ բաւարարութեան միջոց` քանզի ան ժամանակի ընթացքին վաղուց արդէն դիմակալած ու յաղթահարած է նման մրցոյթները, դիմադրած և վերապրած է ճաշակներու, և եսերու ու ամենօրեայ կեանքի պարտադրած փորձութիւնները:

Մենք հասկցած ենք որ մեր ազգի և հայրենիքի ընդհանրական շահերը գերիվեր են բոլոր հատուածներու շահերէն, վեր են նոյնիսկ մեր սեփական շահերէն ու նկրտումներէն, եւ արդէն այդ պայմանաւորուածութեամբ եւ վստահութեամբ է որ մեր ազգի խստագոյն ակնկալութիւններն ու մեծագոյն յոյսերը մեր ուսերուն վրայ շալկած ենք:

Հասկցած ենք թէ ազգի համահայկական օրակարգի առաջնահերթութիւններն են կարեւորագոյնը, եւ ոչ թէ ժամանակաւոր, մասնակի ներքաղաքական յաջողութիւնները` նոյնիսկ եթէ այդտեղ խնդրոյ առարկայ են մեր կազմակերպութեան ամէնօրեայ հաշիւները:

Նման ինքնագիտակցութիւնն է որ մեր վրայ կը պարտադրէ նաեւ խոնարհ ընթացք և համեստութիւն, կը պարտադրէ գիտակցութիւնը այն բանին թէ մեր ազգն է ու մեր ժողովուրդն է մեր գլխաւոր ու վերջնական դատաւորը` քանզի ան է մեզ ծնողն ու նպատակ տուողը: Մեր ազգն է որ մեր մէջ լաւը կը գտնէ, վատէն կը զտէ, ու զանոնք պատմութեան կը յանձնէ: Այն վարկածը թէ հզօրութիւններն են պատմութեան հեղինակները` մեզ չի վերաբերիր: Մեր պարագային, ազգն է որ մեր պատմութիւնը գրած է ու կը գրէ, այնտեղ յանձնելով յարատեւող ճշմարտութիւններ: Ազգը չի սխալիր:

Հասկցած ենք թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր սեփական ճիգերով պիտի նպաստէ ընդհանուրին, և ոչ թէ ընդհանուրէն բերէ, սնանէ իր սեփականը: Գիտենք թէ մեր անձնական միջոցները, քրտինքը, արիւնը, ինչպէս նաև իւրայատուկ առաւելութիւնները պէտք է հարստացնեն հաւաքականը, այլ ոչ թէ հաւաքականի ընձեռնածը ծառայեցուի անհատականին:

Մեր գործի ընթացքին և անոր ճամբուն վրայ, մարտահրաւէրներ ու դժուարութիւններ անպայման որ պիտի ըլլան ինչպէս որ միշտ եղած են, եւ որոնց արդէն վարժ պէտք է ըլլայ մեր տեսակը: Վիճակներ` որոնք երբեք տկարացնող չեն ու չեն եղած, բացի անոնցմէ որոնք ինքնապարտադրուած են: Վիճակներ` որոնց ընթացքին դէմ դրած ենք տարատեսակ, մեծ ու փոքր թշնամիներու, և որոնց ընթացքին համբերութեամբ վերաբերուած ենք շփոթած բարեկամներու հետ:

Ժամանակ առ ժամանակ, մեր երթը կրնայ սխալ ընկալուիլ, մեր երթը կրնայ տաժանակիր ըլլալ իր ուղեւորութեան ընթացքին, բայց  եւ այնպէս մեր պայքարը կը մնայ անշեղ եթէ ան արդար է, ու ան կը մնայ արդար եթէ մենք հաւատարիմ ենք ու արժանի մեր անցեալէն եկած, սակայն այնքան այժմէական գաղափարախօսութեան: Մեր պայքարը կը մնայ պայծառ ու հզօր, եթէ մենք հաւատարիմ ենք մեզ ծնողին ու անոր մեզ վստահած իտէալներուն: Իտէալներ որոնք ոչ մէկուն և ոչ մէկ առանձին խաւի սեփականութիւնն են, այլ` զինուորինն են, բանուորինն են, հողագործինն են, գործարարինն են, չափահասինն են ու երիտասարդինը, և բոլորինն են հաւասարապէս:

Միշտ, միշտ մեր խարիսխը մեր գաղափարներն են որոնք մէկ ամբողջութիւն են ու անքակտելի, ու անոնք երբէք մասնատման ենթակայ չեն: Հոն ազգային իտէալներ են տիրական, և որոնց անմիջական նպատակն է արդարութեան և ընկերվարութեան յաղթանակը` յանուն հայուն և Հայաստանի ամբողջական ազատագրման: Կարելի չէ մասնատել մեր գաղափարախօսութիւնը, որովհետեւ կազմաքանդել մեր գաղափարախօսական հանգանակը կը նշանակէ տկարացնել ու պարպել մեզ, կազմաքանդել մեզ: Աւելին, գաղափարախօսութիւնը խօսքերու կոյտ կը մնայ, հեգնանքի առարկայ եւ անարժէք, եթէ ան սակարկութեան դրուած ըլլայ գործնապաշտական առեւտուրի մէջ:

Մեր գաղափարախօսութեան ակունքը հանդիսացող մեր երազանքը մեծ է ու ամենազօր: Մեր երազանքը վեհ հոգիներու, լայն սրտերու, վեհանձն մարդոց երազանք է, որ աղերս չունի փոքրոգութեան, յոխորտանքի, մանրուքներու և ճղճիմութեան հետ:

Ուստի, մեզի կը մնայ տոգորուիլ երազանքին ու զայն մարմնաւորող գաղափարներու հանգանակով որ մեզմէ իւրաքանչիւրին պատկանելէ առաջ և ամէն բանէ առաջ` կը պատկանի մեր ազգին. քանզի ան է որ մեզի նպատակ տուած է, ու մեզ մարտի դաշտ ուղղարկած: Կը մնայ մեր հոգիներուն մէջ պինդ պահել հայրենիքի կանչն ու անոր շահերը, ինչպէս նաեւ մեր ազգի ամբողջական ազատագրութեան պատուէրը` ու անցնիլ առաջ:

Այսպէս, մենք կը շարունակենք մեր գաղափարական սրբազան երթը դէպի յաղթանակ` յանուն բոլոր անոնց որոնք մեզմէ առաջ անցած են մեր ուղիով, յանուն բոլոր անոնց որոնք յոյս կապած են մեզ հետ, յանուն մեր ազգի զաւակներուն որոնք տակաւին օր մը պիտի գան միանալու կամ վերամիանալու մեզի, և յանուն բոլոր այն յուսալից հայեացքներուն որոնց ականատեսն ենք հայերու աչքերուն մէջ` ամէն օր, ամէն տեղ:

Յանուն ազգի, հայրենիքի, և Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան: