image

Երեւան-Թեհրան թռիչքները պիտի վերսկսին

Երեւան-Թեհրան թռիչքները պիտի վերսկսին

«Արմենիա Էյրուեյզ» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի վերսկսի իր կանոնաւոր Երեւան-Թեհրան-Երեւան թռիչքները 14 յունուարէն։

«Նկատի առնելով Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան օդային տարածքի օգտագործման վերաբերեալ՝ մեր ընկերութիւնը դիմած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ երաշխիքներ ստացած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան օդային տարածքին մէջ թռիչքուղիի անվտանգ շահագործման վերաբերեալ:

Հաշուի առնելով վերոնշեալը «Արմենիա Էյրուեյզ» ընկերութիւնը պիտի վերսկսի իր կանոնաւոր Երեւան-Թեհրան-Երեւան թռիչքները 14 յունուարէն»,– ըսուած է ընկերութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: