image

Սահակ եպս. Մաշալեանը գահ բարձրացաւ իբրեւ Սահակ Բ պատրիարք

Սահակ եպս. Մաշալեանը գահ բարձրացաւ իբրեւ Սահակ Բ պատրիարք

Պոլսոյ աթոռանիստ հայկական Սուրբ Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած է Պոլսոյ ընտրուած պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի գահակալութեան արարողութիւնը:

 Ժամերգութեան ժամանակ Սահակ Բ անուանուած Սահակ եպս. Մաշալեանը երդում տուած է, ստացած է իր պատրիարքական ձեռնափայտը եւ գահ բարձրացած: Իսկ այսօր Սահակ Բ պատրիարքը պիտի մատուցէ իր առաջին պատարագը:

Արարողության ներկայ եղած են բարձաստիաճան կրօնական եւ աշխարհիկ հիւրեր Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ Թուրքիայէն: