image

Նարնջագոյնները յաղթած են. յայտնի է Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքի անունը

Նարնջագոյնները յաղթած են. յայտնի է Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքի անունը

Պոլսոյ մէջ վաղը՝ 11 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը, որ պատրիարքական ընտրարշաւի վերջին փուլն է: Մինչ այդ արդէն ընտրուած են աշխարհիկ պատգամաւորները, որոնք վաղը ընտրութիւն պիտի կատարեն պատրիարքի երկու թեկնածուներու՝ Արամ արք. Աթէշեանի եւ Սահակ եպս. Մաշալեանի միջեւ: Ինչպէս կը տեղեկանանք Պոլսէն,  ժողովուրդի կողմէ օրերս ընտրուած պատգամաւորներու թիւէն յայտնի կը դառնայ, որ  մեծամասնութիւն կը կազմեն Սահակ եպս. Մաշալեանի աջակից պատգամաւորները: Անոր աջակցող պատգամաւորները 89-ն են,  իսկ Աթէշեանի աջակիցներէն ընտրուած են 12-ը:  Ընտրութեան պիտի մասնակցի նաեւ 17 կրօնական պատգամաւոր, որոնց մեծամասնութիւնը, ըստ տեղեկութիւններու,  նոյնպէս Մաշալեանի աջակիցներն են: Ընտրուած պատուիրակներէն մէկն ալ «սպիտակ քուէ»,-ով պիտի մասնակցի, ինչը կը նշանակէ, որ դէմ է ընտրութեան:  

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ այս շաբաթը կը համարուի պատմական, քանի որ երկար ժամանակ գործող պատրիարք չունենալէ ետք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն մէկը՝ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը, վերջապէս պիտի ունենայ գահակալ:

Աւանդաբար, պատրիարքական ընտրարշաւի համար կ'ընտրուի երկու գոյն՝ նարնջագոյն եւ մանիշակագոյն: Այս ընտրութեան Սահակ եպս. Մաշալեանն ու անոր աջակիցները կը կրէին նարնջագոյն, իսկ Արամ արք. Աթէշեանն ու իր աջակիցները՝ մանիշակագոյն գոյները: