image

«Լիբանանի երիտասարդութեան կարւոր մէկ մասը կ՚ուզէ երկրէն հեռանալ...» Լիբանանահայ երիտասրդ

«Լիբանանի երիտասարդութեան կարւոր մէկ մասը կ՚ուզէ երկրէն հեռանալ...» Լիբանանահայ երիտասրդ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ լիբանանահայ երիտասարդ՝ Մինաս Ադամեանը:

 

-Ներկայիս  ինչպիսի՞ն է իրավիճակը  Պէյրութի մէջ, ի՞նչ են  դժուարութիւնները։ 


Կրնամ ըսել,  որ  ներկայիս Պէյրութի  վիճակը  անորոշ է. յստակ չէ ճիշդ ինչ կը պատահի եւ յստակ չէ՝ ուր պիտի հասնի, դէպի լա՞ւ, թէ՞ դէպի վատ: Դժուարութիւնները շատ են, բայց ամենամեծ դժուարութիւնը, ինծի համար իբր երիտասարդ, աւարտելէ ետք գործ գտնել եւ ապրուստ ապահովելն է:

 

-Որպէս լիբանանահայ երիտասարդ մասնակցութիւն բերի՞ր  այս  ցոյցերուն եւ ի՞նչ է տեսակէտդ։


Որպէս լիբանանահայ երիտասարդ, այո՛, որոշ չափով մասնակցութիւնս բերի այս ցոյցերուն եւ շատ կը քաջալերեմ բոլոր անոնց, որոնք փողոց  իջան եւ իրենց իրաւունքներուն համար պայքարեցան. անոնց ձայնը շատ բարձր տեղ հասաւ, բոլոր աշխարհը լսեց. այս մէկը բան մըն էր, որ տարիներէ պէտք էր որ ըլլար եւ, վերջապէս, ներկայիս սերունդը, կրնամ ըսել, կրցան իրականացնել եւ իրագործել:

 

-Լիբանան ապրող հայ երիտասարդութիւնը ի՞նչ կը մտածէ այսօր երկրին  մէջ տիրող  վիճակին  մասին. յուսախաբութի՞ւն  կամ ապագայի վիճակին վերաբերեալ մտահոգութիւններ կա՞ն։


Լիբանան ապրող հայ երիտասարդութիւնը շատ մտահոգ է, եւ, կրնամ ըսել, մեծ մասը սկսած է դիմել դուրսի երկիր, որ հոն շարունակէ իր ապագան, ըլլայ ուսումը շարունակելու, կամ երթալ աշխատելու եւ ապրուստ ապահովելու, որովհետեւ անոնց մէջի յոյսը Լիբանանին  լաւ ապագայ մը  ունենալու  վերաբերեալ    սկսած է կամաց-կամաց մարիլ։

 

-Լիբանանի մէջ  սկիզբ առած  բողոքի ալիքը ինչ որ դրական բան պիտի փոխէ՞ երկրին  մէջ. այդ առումով  լաւատե՞ս ես։


Քառասուն օրէ աւելի լիբանանցիներ տակաւին ճամբաներն են եւ չեն յուսահատիր,  կը շարունակեն իրենց պայքարը իրենց իրաւունքներուն համար: Այս բոլոր եղածներէն ետք դրական արդիւնք կը սպասուի, այս բոլոր ջանքը, որ թափուեցաւ, չի կրնար ըլլալ, որ պարապ տեղ երթայ, եւ, ինչպէս կ'ըսեն, բոլոր վատ իրավիճակի մէջ լաւութիւն մը կայ, անոր համար, հիմա, որ թերեւս դէպի ժխտական կողմ կ'երթայ երկրին վիճակը, անպայման դէպի դրականի պիտի փոխուի:

 

-Լիբանանահայ գաղութի ղեկավարութիւնը մտահո՞գ է, որ եթէ դէպքերը  այս հունով ընթանան, գաղութի երիտասարդութեան  կարեւոր  մէկ մասը պիտի հեռանայ  երկրէն։


Այո, անշուշտ, ինչպէս յիշեցի վերը, լիբանանահայ երիտասարդութեան մեծ մասը կը մտածէ  երկրէն հեռանալ... Անոնցմէ եմ  նաեւ  ես, երբ  վկայական ստանամ եւ Լիբանանի մէջ մեզի գործի առիթ չբացուի, պիտի ստիպուինք հեռանալ։ Կ՚ուզեմ  նաեւ շեշտել, որ լիբանանահայ գաղութի ղեկավարութիւնը մտահոգ է, որովհետեւ հայ երիտասրդութեան ուսեալ հատուածը կամաց-կամաց կը հեռանայ։