image

«Զիջումներու մթնոլորտ ցարդ գոյութիւն չունի». Միջազգային հանրութիւնը մտահոգ է Լիբանանով

«Զիջումներու մթնոլորտ ցարդ   գոյութիւն չունի». Միջազգային  հանրութիւնը  մտահոգ է Լիբանանով

Միջազգային  հանրութիւնը խորապէս մտահոգ է Լիբանանի իրավիճակով։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է «Ալ Ժումհուրիյա» պարբերականը։ Աղբիւրը նաեւ գրած է, որ Լիբանանի իրավիճակին հետեւող փորձագէտներ խոր մտահոգութիւն յայտնած են այն պատճառով, որ երկրին մէջ զիջումներու երթալու  մթնոլորտ մը չէ գոյացած. մինչ վարչապետ Հարիրի հաստատ կը մնայ  «թէքնոքրաթ» կառավարութիւն մը կազմելու իր ծրագրին վրայ, անդին երկրի իշխանական միւս ուժերը տեսակէտ յայտնած են, որ ցանկացած կառավարութեան մէջ  պէտք է ներգրաւուած ըլլան  նաեւ քաղաքական  ուժերու ներկայացուցիչներ։

Փորձագէտները նաեւ կարծիք յայտնած են, որ եթէ իրավիճակը այս հունով ընթանայ, ապա լարուածութիւնը աւելիով կրնայ աճիլ, բան մը, որուն հետեւանքով ալ երկիրը կրնայ մօտենալ համընդհանուր փլուզման։