image

AIDS հիւանդութեան համաշխարհային օր. Ինչ տուաւ 40 տարուան պայքարը

AIDS հիւանդութեան համաշխարհային օր. Ինչ տուաւ 40 տարուան պայքարը

Երբ առողջապահութեան նախարարները առաջին անգամ որոշեցին 1 դեկտեմբերը համարել Աշխարհի մէջ ՁԻԱՀ-ի դէմ պայքարի օր, անոնք գիտէին, որ ի տարբերութիւն այլ հիւանդութիւններու, ՁԻԱՀ-ի յարուցիչ ՄԻԱՎ-ը կրնար արագ տարածուիլ աշխարհի մէջ: Փօլ Քուվաթան այս հիւանդութեան դէմ առաջին պայքարողներէն եղած է: Ան կը յիշէ, թէ ինչպէս այդ օրերուն հերթով կը մահանային հիւանդները:

Հիւանդութեան դէմ առաջին պայքարողներէն եղած է նաեւ բժիշկ Էնթընի Ֆոուսին: Ան մասնակցած է ՄԻԱՎ-ի դէմ դեղամիջոցներ ստեղծելու աշխատանքներուն: Եւ այսօր ամէն օր մէկ հապ ընդունելու պարագային վարակի յարուցիչը կրող մարդը այդ վարակը չի տարածեր ուրիշներուն: Կայ նաեւ Թրուատա անուանումը կրող դեղը, որ առողջ մարդիկ կ'ընդունին ուրիշներէն չվարակուելու համար: Այնպէս որ, այս հիւանդութիւնը, որ միլիոնաւոր մարդոց սպանեց, շուտով ինք պիտի սպանուի, կ'ըսէ բժիշկը:

Մեծապէս կրճատուած է ՄԻԱՎ, այսինքն հիւանդութեան յարուցիչը կրող մարդոց թիւը: ՁԻԱՀ-էն մահացութիւններու թիւը 2004 թուականէն ի վեր կրճատուած է 55 տոկոսով: Այս մասին կը գրէ Ամերիկայի Ձայնը։

Ու հիմա ամենակարեւոր պահանջն այն է, որ յարուցիչը կրող բոլոր անձինք ստանան այդ դեղամիջոցներէն օգտուելու հնարաւորութիւն: Այդ պարագային հնարաւոր կ'ըլլայ խօսիլ հիւանդութեան ի սպառ վերացման մասին:

Իսկ այսօր այս հիւանդութիւնը կը շարունակէ տարածուիլ նախ եւ առաջ ոչ սպիտակամորթ մարդոց ու միասեռականներու շրջանակէն ներս: Այն կը տարածուի նաեւ հիմնական աւելի աղքատ բնակչութեան շրջանակներուն մէջ:

Իսկ անչափահասներն ամենախոցելին են բոլոր երկիրներուն մէջ, քանի որ անոնք ամենաշատը կը խուսափին ստուգումներէ, անոնց մեծ մասը չունի բժշկական ապահովագրութիւններ: Այդ պատճառով շատ կը կարեւորուի պատուաստման դերը: Այս ուղղութեամբ աշխատանքները յուսադրիչ են: Իսկ մինչեւ պատուաստանիւթի յայտնաբերումը, հարկաւոր է նախ եւ առաջ լաւ գիտելիքներ՝ այս հիւանդութիւնը չտարածելու, չվարակուելու ու պաշտպանուելու մասին:

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ 1 դեկտեմբերին ՁԻԱՀ-ի դէմ  պայքարի  համաշխարհային օրն էր։