image

Այսօր Հալէպի հիմնական խնդիրը արտագաղթն է.Կարօ Շուշանեան

Այսօր Հալէպի հիմնական  խնդիրը  արտագաղթն է.Կարօ Շուշանեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ հալէպահայ  փաստաբան   Կարօ  Շուշանեանը.

 

-Կրնաք ըսե՞լ,  որ Հալէպի մէջ  եղած պատերազմը վերջացաւ։


Հալէպի հայաբնակ շրջաններու ապահովական վիճակը զգալիօրէն բարելաւուած է: Յոյսով ենք, որ մօտ ապագային խաղաղութիւնը կը վերականգնուի ամբողջ Հալէպի  մէջ: Անշուշտ այս բանը կը պարտինք Սուրիոյ քաջ բանակին եւ հազարաւոր նահատակներու զոհողութեան:

 

-Ի՞նչ են  այսօր Հալէպի  մէջ առկայ  դժուարութիւնները։


Հիմնականը տնտեսական ու կենցաղային դժուարութենէն կը տառապի Հալէպի բնակչութիւնը, որուն պատճառներն են վերջին շրջանի սղաճը եւ դրամի արժեզրկումը:

 

-Որպէս  հալէպահայութիւն,  ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէք։


Հիմնական մարտահրաւէրը հալէպահայութեան համար արտագաղթն է. գաղութի նօսրացումը բացասական կ'ազդէ ազգային ներգաղութային գործունէութեան վրայ:

 

-Շատեր կը խօսին այն մասին, որ Հալէպ  քաղաքի մարդագրական պատկերը   փոխուած  է.  այդ մէկը գաղութին համար սպառնալիք  կը համարուի՞։


Այստեղ սպառնալիք բառը գործածելը յարմար չէ իմ կարծիքով, անշուշտ պատերազմական իրավիճակը պատճառ դարձաւ, որ մաս մը հայեր արտագաղթեն, բայց հալէպահայ գաղութին հիմնական կորիզը մնաց Հալէպ: Կը յուսամ, որ  բոլորին միասնական ջանքերով պիտի վերականգնենք հալէպահայ կեանքը:

 

-Եթէ պատերազմը աւարտի եւ Սուրիոյ  պետութիւնը կարողանայ  իր ամբողջ  տիրապետութիւնը տարածել  երկրին վրայ,  յոյսեր կա՞ն, որ Հալէպը  դարձեալ  ստանձնէ  «Մայր գաղութ» ըլլալու իր առաքելութիւնը։


Ի հարկէ, հալէպահայ գաղութը անցեալին եւ ապագային ալ պիտի մնայ որպէս մայր գաղութ սփիւռքահայութեան համար եւ պիտի մնայ լուսատու փարոսը միտքի եւ աշխատանքի սփիւռքի միւս գաղութներուն:

 

-Շատեր կ՚ըսեն, որ Հալէպի հայկական գաղութը ունի մի քանի կարեւոր  հանգամանքներ: Ձեր կարծիքով, ի՞նչ են այդ հանգամանքները։


Հալէպը եղաւ առաջին գաղթակայանը մեր տարագիր մեծ հայրերուն, որոնք գրկաբաց ընդունուեցան Սուրիոյ հիւրասէր ՚ժողովուրդին կողմէ, որ մեր հետ բաժնեց օրուայ բոլոր դժուարութիւնները:

Հայերս ըլլալով սուրիացի լիիրաւ քաղաքացիներ, կը պահենք մեր հայկական դիմագիծը, մեր դպրոցներու, միութիւններու, եկեղեցիներու միջոցաւ, ձուլումի վտանգը հեռու պահելով մեզմէ: