image

«Հիմա ճիշդ ժամանակն է». Դամասկահայ գործիչը` սուրիահայ գործարարներուն վերադառնալու կոչ ըրաւ

«Հիմա  ճիշդ  ժամանակն է».  Դամասկահայ գործիչը`  սուրիահայ  գործարարներուն վերադառնալու   կոչ  ըրաւ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  դամասկահայ   գործիչ Վահէ Մահշիկեանը.


-Տեղեակ ենք, որ ամերիկեան տոլարի սակը Սուրիոյ մէջ անցաւ 700 սուրիականը, ի՞նչ է պատճառը այս անընդհատ մագլցումին:


Ճիշդ էք, երէկ գիշեր տոլարը 750 սուրիականը անցաւ, ոսկին ալ՝ 30 000 արձանագրեց. ասի շատ վտանգաւոր երեւոյթ է, բայց ես այս սղաճը կը վերագրեմ Լիբանանի տագնապին, որովհետեւ սուրիացիներու մեծ մասը, մանաւանդ վաճառական դասը, իրենց առեւտուրը տոլարով կ'ընեն, դուրսէն ներածելիք ապրանքներուն արժէքը տոլարով կը վճարեն։   Սուրիացի  վաճառականներուն   գործարքները  տեղի  կ՚ունենան  Լիբանանի ճամբով, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ օրէնքը կ'արգելափակէ     արտաքին  աշխարհին  հետ  գործարքները  կատարել ամերիկեան  տոլարով։  Եւ  անոնք  (սուրիացի   վաճառականները-  «Արեւելք») Լիբանանի դրամատուներուն մէջ դրած են իրենց գումարները, եւ հիմա, Լիբանանի տագնապի հետեւանքով դրամատուները   կը  դժուարացնեն  այդ  փոխանակումները։ Կ'ըսուի, որ սուրիացիները 30 միլիառ տոլարի չափով դրամ ունին լիբանանեան  դրամատուներուն   մէջ, սակայն իրականութեան մէջ, ես կը կարծեմ, որ  սուրիացիներու    պատկանող  գումարները  կը հասնին 300-400 միլիառի։ Կան տուեալներ,   որ այդ  գումարները  ընդհանրապէս  սառեցուած են,  եւ  այդ մէկը անշուշտ  պիտի ազդէ  Սուրիոյ տնտեսութեան  վրայ։ Կան   նաեւ տեղեկութիւններ, որ այս  վիճակէն դուրս գալու համար վաճառականները սկսան սեւ շուկայէն տոլար հաւաքել, որեւէ մէկ  գինով,  որուն  հետեւանքով ալ տոլարին  արժէքը  աւելիով բարձրացաւ։

 

- Այսօր  ինչպիսի՞ն է Սուրիոյ տնտեսութեան ընդհանուր վիճակը:


Սուրիոյ տնտեսութիւնը յենած էր նաւթին, կազին, հողամշակութեան  վրայ, շատ մեծ քանակութեամբ ցորեն, բամպակ, շողգամ, նարինջեղէն, ամէն տեսակի պտուղ ունի Սուրիան, ասի մեծ առաւելութիւն է, մանաւանդ որ Սուրիոյ անձրեւային տեղումներու քանակը բարձր է: Իսկ առեւտուրի կողմէ, Սուրիան շատ մը թեթեւ արդիւնաբերութիւններ ունի, որ դէպի դուրս կ'արտածէ, կը վաճառէ, այս ալ մեծ եկամուտներ կ'ապահովէ: Հիմնական խնդիրը Սուրիոյ շրջափակումն է՝ Եւրոպայի , Ամերիկայի եւ արաբական երկիրներու կողմէ. Զբօսաշրջութիւնը    դադրած  է, ընդհանրապէս զբօսաշրջութիւնը եւս մեծ եկամուտներ կը բերէր: Այնուամենայնիւ, դեռ կարելի է դիմանալ, բայց մինչեւ ե՞րբ ... հոս է հարցը։ Տագնապի  առաջին  շրջանին տոլարը 50 սուրիական էր, այսօր՝ 750 է, 15 անգամ սղած է, ասի անշուշտ   մտահոգիչ  երեւոյթ է:

 

-Նկատելի է նաեւ, որ ոսկին նոյնպէս կը բարձրանայ եւ այդ մէկը շատեր կը վերագրեն պատերազմի դեռ աւարտած չըլլալուն, արդեօք ճի՞շդ է այդ մօտեցումը:


Ոսկին տոլարին հետ կապուած է, այսինքն ոսկիին արժէքը տոլարով է, երբ տոլարը կը բարձրանայ, ըսել է ոսկին ալ պիտի բարձրանայ: Հիմա Սուրիոյ ոսկիի շուկաները կան, բայց   սառած   վիճակի  մէջ  են, որովհետեւ սուրիացին այլեւս ոսկի դժուար որ գնէ, Ծոցի երկիրներու արաբ ժողովուրդն ալ, որ մեծաքանակ ոսկի կը գնէր, Սուրիա մուտք  չեն  գործեր տագնապին պատճառով, ուստի ոսկիի շուկան մեռած է, իսկ արժէքը, ինչպէս ըսի, տոլարէն կախեալ է:

 

-Պատերազմական վիճակը, որ մաշեցուց Սուրիոյ տնտեսութիւնը, ինչպէ՞ս կրնայ աւարտիլ, ինչպիսի՞ն  պիտի  ըլլայ ելքը  այս  տագնապէն։


Անշուշտ պատերազմը չէ աւարտած, ընդհակառակը, պատերազմը երթալով աւելի ծաւալ ստացաւ, այսինքն, սկիզբը պարզ սահմանափակ ցոյցեր էին, տարածուեցան, յետոյ զինեալ խմբաւորումներ մէջտեղ եկան, պետութեան դէմ կռուեցան, յետոյ, գիտէք, պետութիւններ դաշինք կազմեցին Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ պատերազմելու, օգնեցին, որ  3000-է աւելի զինեալ խմբաւորումներ ստեղծուին, բայց չյաջողեցան, որովհետեւ Սուրիոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը իր իշխանութիւններուն հետն է, որովհետեւ լաւ գիտէ, որ եթէ ներկայ իշխանութիւնները  հեռանան , ապա  վիճակը աելի պիտի վատթարանայ ու ատոր համար ալ  երկրին մէջ մնացողներ  միակամ են։ Անշուշտ կային նաեւ մարդիկ, որ իրենք զիրենք այլ  երկիրներու  դաւանող կը համարէին ու անոնք բոլորն  ալ   Սուրիայէն  մեկնեցան։

Մեկնողներէն   շատեր Թուրքիոյ մանկլաւիկներն էին, Թուրքիոյ գործակալներն էին, կամ, ըսենք, թուրք էին, որովհետեւ Սուրիոյ բնակչութեան թիւը  կը  հասնէր 25 միլիոնի, որոնցմէ մօտ 4 միլիոնը՝ թուրք, կամ իրենք  զիրենք թուրք համարող մարդիկ էին։

Իսկ թէ ո՞ւր կ'երթայ Սուրիոյ տնտեսութիւնը, իրականութեան մէջ, Սուրիոյ պետութիւնը տոկուն է, կրնայ յանկարծ 180 աստիճան ետդարձ ճամբան բռնել, այսինքն տոլարը 750 սուրիականի հասնելէն ետք, կրնայ ետ իջեցնել մինչեւ կէս արժէքին՝ 400-ի կամ 375-ի, ամէն ինչ հնարաւոր է, անկարելի բան չկայ Սուրիոյ մէջ: Բայց  ժողովուրդին վիճակը, մանաւանդ  աշխատաւոր խաւը, շատ տխուր վիճակի մէջ է, անոնք  40-50 հազար սուրիական ամսականով, բան մը որ  հեշտ չէ։ Իսկ ան, որ անձնական գործ ունի, անշուշտ սղութեան պայմաններէն կ'օգտուի, որովհետեւ ազատ շուկայ է, ան որ սուղ կը ծախէ, շատ դրամ կը շահի:

 

-Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք  սուրիացի վաճառականներու, մեծահարուստներու ընդհանուր իրավիճակին  մասին:


Վերջին շրջանին քանի մը շատ մեծ վաճառականներու ունեցուածքները պետութիւնը սառեցուց, գրաւի տակ դրաւ, այն հիմքով, որ անոնք «սեւ շուկա»էն մեծ   քանակութեամբ տոլար կը գնեն  եւ  այդպիսով կը նպաստեն տոլարի  գինի բարձրացման. չենք գիտեր  հիմա դատական գործընթաց պիտի ընթանա՞յ այդ հարցերով, թէ՞ ոչ, դեռ յստակ բան չկայ: Անշուշտ վաճառականներուն մեծ մասը երկրէն դուրս է, Ծոցի երկիրներ գացողներ եղան, Լիբանան անցնողներ եղան, Թուրքիա 2 միլիոն սուրիացի կայ, կ'ըսուի, որ 5000 նոր ընկերութիւն հիմնուած է Թուրքիոյ մէջ, սուրիացի վաճառականներու կամ գործարարներու գումարներով:

Վերջաւորութեան, կ'ուզեմ ըսել, որ այսօր Սուրիոյ մէջ, անշուշտ տոլարի արժէքով, ամէն ինչ շատ աժան է, հետեւաբար կոչ կ'ուղղեմ հայ առեւտրականներուն  եւ ունեւորներուն, գործատէրերուն, թող Սուրիա գան, որովհետեւ հիմա  ճիշդ ժամանակն է։ Սուրիոյ  վերաշինութիւնը   շուտով պիտի սկսի, անշուշտ ամէն ինչ ծրագրուած է, թող գան իրենց մասնակցութիւնը ունենան, աշխատին եւ շահին: