image

«Այսօր Լիբանանի տնտեսութիւնը իր յոռեգոյն օրերը կ՚ապրի»Տօքթ. Ռաֆֆի Փօլատեան

«Այսօր Լիբանանի  տնտեսութիւնը իր յոռեգոյն օրերը կ՚ապրի»Տօքթ. Ռաֆֆի Փօլատեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ լիբանանահայ   հասարակական գործիչ` Տօքթ. Ռաֆֆի Փօլատեանը.

 

 

-Մէկ  ամիսէ  ի վեր  ամբողջ  Լիբանանի  տարածքով մէկ տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր: Ձեր  կարծիքով այդ ցոյցերը ինչ որ բան փոխեցի՞ն երկրին մէջ։

 

Մէկ ամիս է` Լիբանանի մէջ ամբողջ տարածքով, հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն արեւմուտք, բոլոր շրջաններով միահամուռ եւ միակամ ցոյցեր կան: Այս ցոյցերը շատ բան փոխեցին: Կրնայ ըլլալ, որ մարդիկ անհամբեր են, կ'ուզեն, որ   ամէն ինչ   արագօրէն լուծուի, սակայն այդպէս չեղաւ, որովհետեւ, մենք բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ Լիբանանի կառուցուածքը կազմուած է 18 համայնքներէ, որոնց միջեւ կան տարակարծութիւններ։

 

Ցոյցերը շատ բան փոխեցին, կառավարութեան կողմէ  պարտադրուելիք տուրքերը բեկանուեցան, ասի ինքնին արդէն մեծ յաջողութիւն մըն էր, երկրորդը՝ 61 օրէնքներ չեղարկուեցան, որոնք կառավարութեան ատեն սեղանի տակէ մութ համաձայնութիւններով պիտի անցնէին, բոլորը բեկանուեցան նախքան կառավարութեան հրաժարիլը: Երրորդ ցոյցերը  եւ համաժողովրդային բողոքի ալիքը  ստիեցին, որ վարչապետ  Սաատ Հարիրի հրաժարական տայ: Մեծ յաջողութիւն էր նաեւ այն, որ երբ երկրին մէջ տեղի ունեցող բոլոր հոսանքային եւ կուսակցական համաձայնութիւնները ջուրի երես ելան, մերկացուեցան եւ խայտառակուեցան: Նաեւ այն խօսքերը, թէ  համաձայնութիւն եղած է  քուլիսներու ետեւ, որպէսզի ըսեն թէ՝ այսպէս թէ այնպէս նոր կառավարութիւն մը կու գայ, նոյն դէմքերը կը վերարտադրուին դարձեալ, սոյն քայլն ալ այսօր լրիւ ձախողութեան մատնուեցաւ:  Անշուշտ    այս մէկ ամսուան ընթացքին    բողոքի ցոյցերուն   ուղորդուեցաւ երկրի քաղաքական  վերնախաւի  ներկայացուցիչներուն    պատկերասփռուած  խօսքերը- այս  առումով ալ ուշագրաւ էր  երկրի  նախագահ  զօր. Միշէլ Աունի  ելոյթը,  եւ անոր խօսքէն տպաւորութիւն էր, որ կարծես Նախագահը լրիւ անջատուած էր իրականութենէն, եւ սխալ արտայայտութիւն  ալ ունեցաւ, ըսաւ՝ ով որ լիբանանեան ընտրանիին, այսինքն քաղաքական խաւին չի հաւնիր, թող ձգէ երկիրը եւ  հեռանայ...   այդ խօսքէն  ետք ժողովուրդի ցասումը շատ ահաւոր էր, բռնկեցաւ ամբողջ Լիբանանը եւ   ցուցարարները   հասան   մինչեւ նախագահական պալատ եւ նախագահը ստիպուած  եղաւ ըսելու , որ ինք կ'ուզէ այս շարժման ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցիլ: Շարժումը ուրիշ ձեռքբերում մը  եւս արձանագրեց, առաջարկուած վարչապետի (Մոհամմատ Սաֆատիի մասին է խօսքը. Խմբ. ՝ «Արեւելք»)  անունը  դուրս եկաւ շրջանառութենէն... եւ  աւելի ուշ  ալ  խորհրդարանի նիստը, որ  խորքին  մէջ «թատերգութիւն»  մըն էր  տապալեցաւ ...։ ճնշման տակ յետաձգեցին:  Այս բոլորէն բացի  տեղի ունեցաւ  շատ  կարեւոր  իրադարձութիւն մը, երբ  անցեալ   կիրակի օր  ցուցարարներու թեւին մօտիկ համարուող  ՝ Մըլհէմ Խալաֆ անունով փաստաբանը  ընտրուեցաւ  փաստաբաններու պալատի  նախագահ, բան մը անսպասելի էր ու նաեւ համարուեցաւ   լիբանանցի յեղափոխականներու   յաղթանակը։

 

 

-Արդարացի ե՞ն ցուցարարներուն պահանջները։

 

Այո, որեւէ մէկ ծայրայեղ պահանջք մը չտեսանք այնտեղ. ցուցարարները կ՚ուզեն «անկախներու» կամ «թեքնոքրաթ»   կառավարութիւն մը. մարդիկ նախ կ'ուզեն կառավարութիւն մը  կազմուի, որպէսզի կարենայ անկախ գործել, որուն մէջ ըլլան տնտեսագէտներ եւ  ենթարկուած չըլլան ինչ որ քաղաքական կողմերու կամ դաւանանքներու ներքին հաշիւներուն։ Անոնք  նաեւ  կը պահանջեն  երեսփոխանական  արտահերթ ընտրութիւններ։  Կը խօսուի նաեւ նախագահը վար   առնելու  մասին, այստեղ  հարկ  կը համարեմ նշել, որ նախագահ Աուն, ըլլալով 85 տարեկան,  տարբեր հիւանդութիւններէ կը տառապի եւ իրապէս սթրեսի   մէջ  է: Ան  նաեւ     չի կրնար   քաղաքական ճիշդ հաւասարակշռուած որոշումներ  առնել, մանաւանդ որ շրջափակուած է իր հոսանքի մարդոցմով:

 

 

-Տնտեսական  իրավիճակը  ներկայիս ինչպիսի՞ն է երկրին մէջ։  

 

Այսօր Լիբանանի տնտեսութիւնը   իր   յոռեգոյն վիճակին  մէջ է, մարդիկ  դրամատուներէն իրենց  գումարները  չեն կրնար  ստանալ  կամ  վերցնել. պետականօրէն տոլարի սակը  նոյնն է,  եւ ստիպուած են  այն  պահպանել, քանի որ եթէ    տոլարի  սակը  այսօր  արժէքազրկման ենթարկուի, երկրին հիմնաքարերը լրիւ քարուքանդ կ'ըլլան։   Օրինակ մը  տալով    ըսեմ,  եթէ պետական պաշտօնեան, օրինակի համար՝ զինուորական մը, որ նուազագոյն ամսական կը ստանայ 1 795 000 լիբանանեան, եթէ հաշուենք սեւ շուկայի վրայ եղած տոլարի գինով, որ 1850-1900 է, 30 տոկոսով արժէզրկում կը տեսնենք։ Այլ  գետնի  վրայ  մարդիկ դրամական փոխանցումներ չեն կրնար ընել, չեն կրնար լիբանանեանէն տոլար կամ տոլարէն լիբանանեան փոխել, եւ ամենավատը, որ առ այսօր դրամատուները փակ էին, այսպիսով անոնք արդէն կ'ըսեն,  որ իրենք պաշտպանողական համակարգի մը դիմած եմ, որպէսզի վատ հետեւանքներու չտանինք ելեւմատական  ամբողջ համակարգը: Կայ,  գոյութիւն ունի նաեւ    ապահովական  մտավախութիւնը, որ դամոկլեան  սուրի նման  կախուած է լիբանանցիներու  գլխուն  վրայ։

 

 

-Մտահոգ է՞ք,  որ այս ցոյցերուն  ետին կան մութ ձեռքեր կամ ուժեր։


Երբ նման ապստամբութիւններ տեղի ունենան,  կը գտնուին մարդիկ , որոնք կ'ուզեն ապստամբութիւնները օգտագործել, ոտնձգութիւններ ընել, մութ ձեռքերով   օրակարգը    շեղել... Յետոյ ցուցարարներուն մէջ,  կը յայտնուին  մարդիկ, որոնք լուտանքներ, հայհոյանքներ կու տան ինչ որ ղեկավարի կամ կրօնական պատկանելիութեան մը հասցէին, ինչը կրնայ վայրկեանական հարց ստեղծել. այդպիսի բաներ, այո՛, եղան, չենք բացառեր, բայց իրապէս գնահատանքս պիտի տամ իրազեկ եւ  արթուն  երիտասարդութեան, որոնք կրցան իրենց մէջէն այդպիսի խառնակիչ տարրերը լրիւ դուրս հանել եւ վնասազերծել: Շատ տեղեր նոյնիսկ վախեցման քաղաքականութիւն եղաւ, անկարգ տարրեր եկած եւ մտած էին՝ գաւազաններով եւ բիրերով հարցեր հանելու,  երիտասարդ-երիտասարդուհիները կրցան անոնց դէմ կուրծք տալ. այսօր երբ որ կիները դէմ դրին այդպիսի անձերու , կրնամ ըսել, որ իրապէս շատ մեծ գնհատական է:

Նախ ըսեմ, թէ ինչ սենարիոներ կային: Առաջին սենարիոն, որ արդէն ձախողեցաւ, այն էր, որ ինչ որ միագոյն, միակողմանի կառավարութիւն մը կազմուէր, սիւննի ղեկավարի մը անունը տրուէր, որպէսզի վարէ մէկ գոյնի կառավարութիւն, այս մէկը տեղական, մեկուսացման կառավարութիւն մը կրնար ըլլալ եւ օրինականութիւն պիտի չունենար. Երկրորդ սենարը որ կար, հետեւեալն էր՝ որ խառն կառավարութիւն  կազմուի, որուն մէկ մասը ըլլայ թեքնոքրաթ, անկախ եւ միւս մասը ըլլան քաղաքական բանալի դէմքեր. այս ալ ձեւով մը ձախողեցաւ, որովհետեւ բանալի անձերուն ներկայութիւնը ցանկալի չէ, նաեւ ինչպէս նախագահը ըսաւ,  որ Լիբանանի կանոնագրին համաձայն, երեսփոխան մը չի կրնար նախարար ըլլալ, այսպիսով վերջ դրուեցաւ խառն կառավարութեան սենարին, վերջին բանը, որ լսեցինք, ուզեցին 20 հոգինոց կառավարութիւն մը   կազմել,  որուն վրայ աւելնան չորս քաղաքական անձեր։

 

-Լիբանանահայութեան մօտ ի՞նչ են ընդհանուր տրամադրութիւնները։

 

Իմ ունեցած տուեալներով,  լիբանանահայութեան   կրօնական  ղեկավարութիւնը    մօտէն կը հետեւի  զարգացումներուն  ու  ժողովներու մէջ է։ Անոնք  կ՚ուզեն գաղութը հեռու պահել   բողոքի  ալիքէն,  սակայն իմ կարծիքով, շատ կարեւոր է, որ լիբանանահայութիւնը իր ներկայութիւնը  բերէ   այս  համաժողովրդային  ապստամբութեան։ Ի վերջոյ  մենք  ալ լիբանանցի ենք, միւսներէն պակաս լիբանանցիներ չենք, այո՛, ապստամբութեան ճամբան քարքարոտ է, բայց այսօր առաջին անգամ ըլլալով ես լաւատես եմ, քանի որ ըմբոստները կարողացան  խաղաղ  ճանապարհներով իրենց   կարծիքը պարտադրել մինչեւ   հիմա    խուլ ձեւացող   քաղաքական   վերնախաւի առաջին  դէմքերուն   վրայ։