Իսրայէլեան բանակի կործանիչներ երէկ ուշ գիշեր հարուածած են Դամասկոսը։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «Էլ Նաշրա» կայքը, նշելով, որ Իսրայէլ թիրախ դարձուցած է Սուրիոյ բանակի տասնեակ դիրքեր։
Թիրախ դարձած են նաեւ սուրիական բանակի զինուորական պահեստանոցներ եւ մարտական խարիսխներ։
Մարդկային կորուստներու մասին մինչեւ այս պահը տեղեկութիւն չի հաղորդուիր։