image

Ծանր արկած Հալէպ-Դամասկոս ճանապարհին.Կան վիրաւորներ

Ծանր արկած  Հալէպ-Դամասկոս ճանապարհին.Կան  վիրաւորներ

Ինքնաշարժի ծանր արկած մը գրանցուած է Հալէպ-Դամասկոս ճանապարհին վրայ։ Այս մասին լուրը կը հաղորդէ  «Շապաքաթ ախպար հայ ալ զահրա» էջը։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ արկածը եղած է ինքնաշարժի, մեծ բեռնատարի եւ «բուլման» մարդատար կառքի  մը միջեւ եւ արկածի ենթարկուած  ինքնաշարժը դարձած է երկաթի կոյտ։

Նախնական տուեալներով արկածին հետեւանքով վիրաւորուած են չորս  անձեր, որոնց բոլորին վիճակն ալ ծանր  է։

Յիշեցնենք, որ  այս առաջին անգամը չէ, որ «Խանասէր»ի ճամբան  թատերաբեմ  կը դառնայ նման փորձանքներու: