image

Ի՞նչ կը կատարուի պատրիարքարանէն ներս. Պոլսոյ կուսակալը այցելած է հայոց պատրիարքարան

Ի՞նչ կը կատարուի պատրիարքարանէն ներս. Պոլսոյ կուսակալը այցելած է հայոց պատրիարքարան

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն մէկու՝ իրաւաբան Սարօ Պենգլեանի (իսկ մինչ այդ ալ՝ մարմնի այլ անդամներու) հրաժարականէն ետք Պոլսոյ կուսակալ Ալի Երլիքայան այսօր օրուայ երկրորդ կէսին այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան:

Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ հանդիպումը տեւած է կէս ժամէն աւելի, անոր դիմաւորած եւ ճանապարհած են պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանն ու պատրիարքարանի այլ պատասխանատուներ: Պոլսոյ կուսակալն իր այցի նպատակը չէ յայտնած պատրիարքարանի մուտքի մօտ հաւաքուածներուն, միայն ըսած է, որ պատրիարքի ընտրութեան ժամանակը կը մօտենայ եւ այցը անոր կ'առնչուի:  Պատրիարքարանն ալ իր հերթին յայտնած է, որ  Պոլսոյ կուսակալի՝ պատրիարքարան այցի մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն պիտի չըլլայ:

Նշենք, որ երէկ հրաժարական ներկայացուցած Սարօ Պենգլեանը, Նախաձեռնարկ մարմնի անդամ ըլլալէ բացի  ստանձնած էր նաեւ այդ կառոյցի մամլոյ պատասխանատուի գործը: Տեղեկացանք, որ պատրիարքական ընտրութենէն  ընդամէնը քանի մը շաբաթ առաջ անոր հրաժարականը աղմուկ առաջացուցած է ընտրութիւններուն հետեւող պոլսահայ համայնքին մէջ: Շատերը այս հրաժարականը կը մեկնաբանեն Նախաձեռնակ մարմնի աշխատանքի ոչ լիակատարութեամբ, թէեւ իր՝ Սարօ Պենգլեանի աշխատանքը կը գնահատուէր գերազանց:

Յիշեցնենք, որ Նախաձեռնակ մարմինը կազմաւորուած էր այս տարուան յուլիսին՝ նախապատրաստելու պատրիարքի ընտրութիւնը: