image

«Հալէպի մէջ հայութեան թիւին պակսիլը ձեւով մը մեր թեւերը կոտրեց... » Լուսին Թէրզեան

«Հալէպի մէջ հայութեան թիւին պակսիլը  ձեւով մը մեր թեւերը  կոտրեց... » Լուսին Թէրզեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն մինչ օրս իր ծննդավայրը չլքած հալէպահայ՝ Լուսին  Թէրզեան.

 

-Գիտենք որ անցեալին կարեւոր խնդիր կը համարուէր ելեկտրականութեան, ջուրի, վառելանիւթի եւ հացի տագնապները: Այսօր ի՞նչ է ընդհանուր իրավիճակը, այդ տագնապնաերը վերացան արդեօք:


Ելեկտրականութեան տագնապի պարագային,  կրնամ  ըսել  որ   վիճակը բաւական բարելաւուած է, իսկ ջուրի տագնապը՝ հարիւր առ հարիւր լուծուած է, այսինքն այլեւս ջուրի եւ ելեկտրականութեան առումով որեւէ գանգատ չունինք: Բայց վառելանիւթի պարագային դեռ դժուարութիւններ ունինք, հիմա արդէն ձմեռ է եւ պետութիւնը յայտարարած է, որ ամէն ընտանիքի միայն 100 լիթր վառելանիւթ պիտի տրամադրուի, մինչ անցեալին 1000 լիթր կը լեցնէինք եւ հազիւ կը բաւարարէր։ Ասի մեզի համար մեծ հարց եղաւ այս տարի, այդ 100 լիթրը, որ 20 000 սուրիական կ'արժէ, հազիւ տասը օր կը բաւէ, բայց պիտի ջանանք պետութեան տուած չափով օգտագործել, ուրիշ միջոց չունինք, ստիպուած ենք համակերպիլ: Ինչ կը վերաբերի հացի տագնապին, այդ ալ լուծուած է, հացի պակաս չունինք, բայց երբեմն կը ստիպուինք երկար հերթեր սպասել, որովհետեւ փռապանները որոշ վաճառականներէ կրկնակի դրամ գանձելով, առաջ անոնց կը մատակարարեն, ատոր համար երկար հերթեր կը գոյանան, բայց կրնանք ապահովել հացը: Անլուծելի կը մնայ կազի տակառ  ճարելու խնդիրը, մանաւանդ հիմա որ ձմեռ մտանք,  եւ  այսօր առկայ   կազի տագնապը  կրնայ  սրիլ։

 

-Հայկական շրջաններուն մէջ ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ, հայութեան համար ի՞նչ են գլխաւոր խնդիրները. տրամադրութիւնները ինչպիսի՞ն  են ժողովուրդին մօտ:


Հայկական թաղամասերը, որոնք անցեալին մեծամասնութեամբ հայերով բնակեցուած էին, դիմագիծը  բաւական  փոխած են,  հիմա այնտեղ մեծամասնութեամբ օտարազգիներ են, մնացած հայերն ալ ստիպուած են այդ մէկը ընդունիլ,  շարունակել այնտեղ  ապրիլ  եւ  ալ անոնցմէ  մէկն եմ։

Օրեր առաջ  իսլամական  տօն մըն էր, կ'արժէր տեսնէիք ինչպէս  Հալէպի  հայ-քրիստոնեայ թաղամասերը  ինչ պատկեր ստացած էին. Այս  բոլորը  մեզի համար, հոգեկան  ճնշում կը պատճառեն, այստեղ հայերը կամ քրիստոնեաները ոչ թէ իրենց կամքով, այլ ձեւով մը  ստիպուած են համոզուիլ այս կեանքին եւ ապրիլ: Ես վստահ եմ, որ հոս մնացողներուն մեծամասնութիւնը միջոց չունեցաւ, որ դուրս  գայ  կամ չկրցաւ ելլել, պարագանին չներեց: Ու  կ'ենթադրեմ, որ եթէ  հեռանայինք, աւելի լաւ պիտի ըլլար:

 

-Տարբեր աղբիւրներ կ'ըսեն, որ Գանատա կամ այլ օտար ափեր հասած մեծ թիւով սուրիահայեր կը վերադառնան դէպի Հալէպ, ինչքանո՞վ ճիշդ է այս խօսքը:


Ոչ մէկը վերադրաձած է: Չեմ կարծեր, որ Եւրոպա գացողը ետ կը վերադառնայ, հոն հասնողը ինչքան ալ դժուարութիւն ունենայ, որեւէ մէկ միջոցի կը դիմէ ապրելու, հոն մնալու եւ ետ չգալու: Ես շատ հարազատներ ունիմ, որոնք բոլորը դուրս ելան, չեն գար եւ չեն ալ ուզեր գալ, ընդհակառակը, կը քաջալերեն, որ ես ալ դուրս ելլեմ... պիտի չգան:

Կրնայ ըլլալ որ ոմանք, որոնք մօտակայ արաբական երկիրներ գացած են, Լիբանան եւայլն, կամ նոյնիսկ Հայաստան, այնտեղ անյաջողութիւն ունեցած են եւ մտածելով, որ հոս դեռ գոնէ տուն տեղ ունին, վերադարձած են, բայց Գանատա, Աւստրալիա գացող ոեւէ մէկը դեռ չեկաւ, եթէ եկած են, կը նշանակէ որոշ պայմաններ ունին, կրնայ ըլլալ, որ  իրենց գաղթած երկիրը դուրս դրած է զիրենք, այդպէս 1-2 պարագաներ կան, բայց իրենց կամքով եկողներ չկան, ինչքան ալ իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ դժուարութիւններ ունենան , իմ կարծիքով    ետ չեն  գար։

 

-Եթէ իավիճակը այսպէս մնայ, հալէպահայութիւնը արդեօք կը շարունակէ՞ ապրիլ Հալէպի մէջ կամ կը գաղթէ: Ինչպէ՞ս կը տեսնէք հալէպահայութեան ապագան:


Հիմա պատերազմի տարիներուն բաղդատմամբ, Հալէպը  աւելի  լաւ է, միայն մէկ խնդիր կայ, անտանելի սղութիւն կը տիրէ: Կրնամ ըսել, եթէ առաջ 2-3 հոգինոց ընտանիք մը  200 000 սուրիականով  կ'ապրէր, հիմա հազիւ 350 000-ը բաւէ. եթէ ճաշ մը պիտի պատրաստես, հազարներ պիտի ծախսես, որոնց ապահովելու եկամուտը արդէն չկայ. եթէ օրինաւոր շահ ըլլայ, մարդիկ կարենան իրենց պէտքերը ապահովել, ոեւէ մէկը, որ մինչեւ հիմա հոս մնացած է, չի ցանկար դուրս  գալ։Ի վերջոյ մեր դպրոցները, եկեղեցիները հոս են, ամէն ինչը տեղը տեղին կը քալէ, պատարագները, աղօթքները, մեր առօրեայ կեանքը շատ աղուոր կը քալէ, եւ ոեւէ մէկը մեր կեանքին արգելք չըլլար, միայն թէ մենք տարբեր ձեւով սկսանք իրենց նայիլ, քանի որ մեր թիւը քիչցաւ, այսինքն, կրնամ ըսել, հայութեան պակսիլը քիչ մը  մեր թեւը կոտրեց , թէ ոչ նոյն կեանքն է որ մենք կ'ապրինք, փոփոխութիւն մը չեղաւ:

Հիմա կեանքը աւելի լաւ է, աւելի լաւ եղաւ, միայն այդ սղութիւնն է, որ մեզի կը նեղէ: