image

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը հերքած է ՀՀ քաղաքացիներուն առնչուող կեղծ լուրը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը հերքած է ՀՀ  քաղաքացիներուն առնչուող կեղծ լուրը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատունը քիչ առաջ հերքած է համացանցի մէջ տարածուած լուրերը, թէ իբր, Լիբանանի մէջ տիրող լարուած իրավիճակի պատճառով դեսպանութիւնը Լիբանան գտնուող ՀՀ  քաղաքացիներուն կոչ ըրած է լքելու երկիրը: 

Նշենք, որ 28 օր է՝ Լիբանանի մէջ կ'ընթանան անհնազանդութեան հաւաքներ. ցուցարարները կը պահանջեն երկրի ղեկավարութեան հրաժարականն ու բարեփոխումներ` երկրին մէջ: