image

Վերջին հրաժեշտ Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ Տ. Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանին (Լուսանկարներ)

Վերջին հրաժեշտ   Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ   Տ. Յովսէփ Քհնյ.  Պետոյեանին (Լուսանկարներ)

Քիչ առաջ  ընթացք   առաւ     Գամիշլիի    հայ  կաթողիկէ  հոգեւոր  հովիւ  տ.  Յովսէփ   քհնյ. Պետոյեանի 

    վերջին հրաժեշտի  արարողութիւնը։

Այս  մասին   «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Գամիշլիի հայ  կաթողիկէ համայնքին մօտիկ կանգնած  աղբիւրէ մը։

Կը  նշուի, որ յուղարկաւորութիւնը   տեղի ունեցած է Գամիշլիի   հայ կաթողիկէ  Սուրբ Յովսէփ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Կրօնական  արարողութեան  նախագահած է Գամիշլիի հայ կաթողիկէ առաջնորդ   Տ.  Անդրանիկ   ծ.վրդ. Այվազեան,  արարողութեան ներկայ եղած  են Գամիշլիի    հայ  առաքելական եկեղեցւոյ       առաջնորդական   փոխանորդ  Տ.  Լեւոն աբղ. Եղիայեան,  քոյր համայնքներու  կրօնական      առաջնորդներ։ Հարիւրաւոր  սգակիրներու  ներկայութեամբ եղած   կրօնական  արարողութեան ընթացքին հայր Անդրանիկ  ծ.վրդ.  տուած է    իր պատգամը՝   զոհուած  քահանայ  հայրը  նկատելով    համայն քրիստոնէութեան, ինչպէս նաեւ  սուրիական հայրենիքին նահատակը։ Յիշեցնենք, որ       երէկ ահաբեկիչներու զոհ դարձած    տ. Յովսէփ  քահանայի   մարմինը   ըստ աւանդութեան թաղուած է  եկեղեցւոյ խորանին   ներքեւը   գտնուող     յատուկ   դարակին մէջ, իսկ     տիրահոչ  մարմինը    հողին յանձնուած են    Գամիշլիի գերեզմանատան մէջ։

 

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

 

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

 

 

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

 

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը: