image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայ երեք համայնքապետերը դատապարտեցին Գամիշլիի հոգեւոր հովիւին սպանութեան դէպքը

Սուրիահայ երեք  համայնքապետերը   դատապարտեցին  Գամիշլիի  հոգեւոր հովիւին  սպանութեան   դէպքը

Սուրիոյ հայ երեք համայնքապետները խստիւ կը դատապարտեն Գամիշլիի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Տէր Յովսէփ Քհնյ.Պետոյեանի եւ անոր հօր դաւադրական սպանութիւնը զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2019-ին, Տէր Զօրի Ալ Զար գիւղին մէջ:

Ահաբեկչական խմբաւորումներու գործունէութիւնը կը վերաշխուժանայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններ թրքական ներխուժումներուն հետ զուգահեռաբար:

Ահաբեկչական այս արարքը կը հակասէ մարդկային, կրօնական բոլոր սկզբունքներուն եւ թիրախ կը դարձնէ սուրիական ընկերութիւնը՝ սպառնալով երկրի խաղաղութեան եւ բնակչութեան ապահովութեան:

Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին

Պետրոս Արք. Միրիաթեան
Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց

Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան
Համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի

ՀԱԼԷՊ, 11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019