image
Հրատապ լուրեր:

«Տահէշ» ստանձնեց Հայ Կաթողիկէ քահանային ու անոր հօր սպանութիւնը

«Տահէշ»  ստանձնեց   Հայ  Կաթողիկէ   քահանային ու անոր հօր սպանութիւնը

«Տահէշ» ահաբեկչական  խմբաւորումը   ստանձնած է   Տէր Զօրի մէջ   մարդասիրական  առաքելութիւն իրականացնող  քահանային  սպանութիւնը։

Այս մասին  տեղեկութիւնը կը հաղորդէ    «Ռուտաու»  կայքը։

Յիշեցնենք, որ «Արեւելք»   աւելի վաղ  յայտնած էր    Յովսէփ քհնյ.  Պետոյեանին  ու անոր հօր սպաննութեան լուրը։ Ահաբեկիչներուն  կողմէ   յարձակման ենթարկուած  ինքնաշարժին մէջ գտնուած է նաեւ   հայ կաթողիկէ  սարկաւագ  Ֆատի  Սանոն։ 

 Ամբողջ հայութեան  համար մեծ  վիշտ  յառաջացուցած   լուրը տարածուած էր  աշխարհով մէկ եւ   դարձած    գլխաւոր լուր՝  միջազգային լրատուական  գործակալութեանց լրահոսին  մէջ։