image
Հրատապ լուրեր:

Ցոյցերու 24-րդ օր. Ուսանողները կը շարունակեն բողոքի գործողութիւնները

Ցոյցերու    24-րդ  օր.  Ուսանողները   կը շարունակեն  բողոքի գործողութիւնները

Տնտեսական   մեծ  մտավախութիւններու  ընդհանուր ֆոնին վրայ   լիբանանցի  ուսանողներ  կը շարունակեն բողոքի գործողութիւնները։

Այս  մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ LBC  կայանը,  նշելով,  որ  այս առաւօտ    բողոքարարներ  փակած են  յատկապէս  Սայտա եւ Տընիյէ  շրջաններու   ճանապարհները։

Մինչ  երկրին մէջ  անորոշ  իրավիճակ  կը տիրէ,  կարգ մը  աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ վաղը՝  կիրակի  օր,      բողոքի  ցոյցերու նոր  ալիք մը կը սպասուի։

Ինչ կը վերաբերի  քաղաքական  պատկերին,  ապա     մինչեւ այս պահը յստակ  պատկերացումներ չկան, թէ ինչպիսի միջոցներու  դիմելով կարելի    պիտի ըլլայ  լուծել   երկրին  մէջ      առկայ   տագնապը եւ այս առումով ալ      հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի  աղբիւրները      կը շարունակեն մնալ լուռ  խուսափելով   մեկանաբանութիւններէ։

 

Յիշեցնենք, որ  այսօր   Լիբանանի  մէջ  սկիզբ  առած  բողոքի  ցոյցերու 24-րդ օրն է եւ     ցուցարաները    մասնաւորապէս  վարչապետ Հարիրիի   հրաժարականէն ետք կը  պահանջեն  արագօրէն կազմել    անկախներու ՝ «թեքնոքրաթ»   կառավարութիւն մը։