image

Հալէպը հրթիռակոծուած. Կան վիրաւորներ

Հալէպը  հրթիռակոծուած. Կան  վիրաւորներ

Հալէպն  այսօր  թիրախ  դարձած    հրթիռարձակումներու։

 Այս  մասին տեղեկութիւնը տուած    է    հալէպցի  լրագրող  Քինանա  Ալլուշը։

 Լրագրողը, որ այս մասին կարճ  տեսանիւթ մը հրապարակած է նաեւ ըսած է, որ   հրթիռները  ինկած են  մասնաւորապէս  «Հայ Ալ Զահրաա»  շրջանին մէջ  գտնուող Հալէպի  «Արդարադատութեան  պալատ»ին մօտակայքը եւ հարուածներուն  հետեւանքով վիրաւորուած են  6  անձեր,  որոնցմէ   մէկու  իրավիճակը     ծանր է։

  Երկար   ժամանակէ ի վեր   Հալէպ զերծ  էր նման   յարձակումներէ   եւ ահաբեկիչներու  կողմէ    կատարուած  այս     գրոհը  մինչեւ  այս պահը  լարուած   իրավիճակ ստեղծած է   Հալէպի «Հայ Ալ  Զահրաա»   շրջանին մէջ։