image

Սուրիոյ հարցով Ռուսաստան- Թուրքիա կարեւոր համաձայնութիւն

Սուրիոյ հարցով Ռուսաստան- Թուրքիա կարեւոր համաձայնութիւն

Ռուսաստանը կը կիսէ Թուրքիոյ մտահոգութիւնը՝ Սուրիոյ մէջ անջատողական այն տրամադրութիւններու աճի հետ կապուած, որոնք արհեստականօրէն կը սնուցուէին կողքէն, յայտարարած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

Անոր խօսքերով, առանց Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած համագործակցութեան ոչինչ ընել հնարաւոր կ'ըլլայ:

«Սահմանի խաղաղութեան եւ հանգիստի պաշտպանութիւնը թուրքերը եւ սուրիացիները պէտք է միասին իրականացնեն։ Այստեղ առանց Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ փոխյարգալից համագործակցութեան հնարաւոր չէ»,- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ բանակցութիւններէն ետք ըսած է ան:

Փութինը յայտնած է, որ Մոսկուան եւ Անգարան պայմանաւորուած են Սուրիոյ հիւսիսի իրավիճակի հետ կապուած քանի մը համաձայնագրերու մասին:

Այդ պայմանաւորուածութիւնները ՌԴ նախագահը անուանած է «շատ կարեւոր, եթէ ոչ ճակատագրական»:

Ան նշած է քիւրտերու եւ Սուրիոյ կառավարութեան միջեւ լայնածաւալ երկխօսութեան մեկնարկի անհրաժեշտութիւնը:

«Կարեւոր է, որպէսզի թրքական զինուած ուժերու գործողութիւններէն չօգտուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամները, այդ շարքին «Տահէշ»-ը, որուն զինեալները գերեւարուած են քրտական ռազմական զօրամիաւորումներու կողմէ եւ փորձեն ազատութիւն ձեռք բերել:

Սուրիան պէտք է ազատի անօրինական օտարերկրեայ ռազմական ներկայութենէն։ Սուրիոյ մէջ ամուր եւ երկարատեւ կայունութեան, մեր կարծիքով, կարելի է հասնիլ միայն այդ երկրի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելով։ Սա սկզբունքային դիրքորոշում է, եւ մենք մանրամասն խօսած ենք այդ մասին Թուրքիոյ նախագահի հետ։ Կարեւոր է, որ թուրք դաշնակիցները կը կիսեն այդպիսի մօտեցումը»,- նշած է Փութինը։