image

Լիբանան. WhatsApp-ի յեղափոխութեան 6-րդ օր. Ցոյցերը կը շարունակուին

Լիբանան. WhatsApp-ի յեղափոխութեան    6-րդ օր.  Ցոյցերը  կը շարունակուին

Անցեալ    հինգշաբթի օր  ընթացք առած  եւ     երկրին մէջ նոր հարկերու   դէմ պայքարի   ելած  ցուցարարները  կը շարունակեն  իրենց   բողոքի  ելոյթները։ 

Տասնեակ   ճանապարհներ կը շարունակեն մնալ փակ։ Կը նշուի նաեւ,   որ կարգ մը     պարագաներու ցուցարարները     ճանապարհ   կը բանան    միայն անոնց  համար, որ հիւանդ կը փոխադրեն, կամ ստիպուած են     ճանապարհ  հատել  իրենց կարեւոր պէտքերը  հոգալու  համար։ 

Ընկերային ցանցերու վրայ  շրջանառութեան մէջ դրուած  են կոչեր, որոնք քաղաքացիներէն կը պահանջեն այսօր յետմիջօրէնին գտնուիլ «Ռիատ  Սոլհ»  հրապարակ, ուր   պիտի ստեղծուի   այս  շարժումը   համակարգող յատուկ  մարմին մը։ 

Լիբանանեան բանակը  մօտէն կը հետեւի   ցոյցերու ընթացքին, հաղորդելով նաեւ, որ մինչեւ այս պահը  ապահովական որեւէ  լուրջ խլրտում չէ նկատուած։