image

«Մի զարմանաք եթէ ըսեմ, որ այսօր Պէյրութի մէջ կան ընտանիքներ, որոնց զաւակները անօթութեան մէջ են» Ռոզեթ Ալեմեան

«Մի զարմանաք  եթէ ըսեմ, որ այսօր Պէյրութի մէջ կան ընտանիքներ, որոնց զաւակները անօթութեան  մէջ են» Ռոզեթ  Ալեմեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ լիբանանահայ կրթական մշակ ՝ Ռոզեթ  Ալէմեան.

 

- Արդէն 5-րդ  օրն է՝ Լիբանանի   ամբողջ տարածքով  մէկ   բողոքի  ցոյցեր   տեղի կ՚ունենան: Ի՞նչ  կը   մտածէք,  այս  անգամ  լիբանանցիները պիտի հասնի՞ն իրենց նպատակին։


Տարբեր դասակարգերու, տարիքներու եւ դաւանանքներու պատկանող լիբանանցիներ , առաջին անգամ ըլլալով քով-քովի եկած, 5 օրերէ ի վեր բողոքի ցոյցեր կը կատարեն: Անոնք յագեցած են յաջորդական կառավարութիւններու տուած խոստումներէն եւ կ'ուզեն արժանապատիւ կեանք ապրիլ Լիբանանի մէջ:

Ի հարկէ, փտածութիւնը միայն վերջին երեք տարիներու քաղաքականութեան հետեւանքը չէ: Մէկ տարբերութեամբ, որ անցեալին   դէպի Լիբանան տոլարի հոսք կար ամէն կողմէ: Բոլորը գոհ էին. հիմա Լիբանանը միջազգային ընտանիքի օրակարգին վրայ առաջնահերթութիւն չի կազմեր, որովհետեւ այս վերջիններն ալ բազում յուսախաբութիւններ ապրած են:

Թէ կը հասնին իրենց նպատակին, դժուար է ըսել: Սակայն պէտք է ընդգծել թէ բողոքողները առաջին հերթին յաջողեցան միակամ, Լիբանանի ամբողջ տարածքին եւ առաջին անգամ ըլլալով իրենց ձայնը լսելի դարձնել: Երկրորդ՝ աշխարհի մայրաքաղաքներու դիմաց բացայայտուեցաւ քաղաքական վերնախաւի փտածութիւնը:

 

-Ցուցարարները կ՚ըսեն,  որ  իրենց պայքարը      ամբողջ  քաղաքական    վերնախաւին դէմ  է, արդար է՞  այս մօտեցումը։


Ցուցարարները կը պայքարին ամբողջ քաղաքական վերնախաւին դէմ: Ի հարկէ միշտ թացը եւ չորը միասին կը տուժեն: Սակայն եթէ կողմեր կան, որոնք պետութիւնը չեն թալանած, ապա շատ անգամ, տարբեր պատճառներով լուռ վկաներ եղած են:

Վերջ ի վերջոյ տեղ մը ժողովուրդին շահը զոհած են, իրենց անձնական շահերուն համար եւ այդ երեսուն տարիներ շարունակ: 

 

-Լիբանանահայութիւնը   ի՞նչ    ընդհանուր  վիճակի   մէջ է. Մտավախութիւններ կա՞ն։


Լիբանանահայութիւնը, առանց բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու, իր որոշումը առած է: Դժբախտաբար՝ հեռանալ Լիբանանէն: Այդ մէկը նախ տեսանք երբ դէպի Քանատա գաղթեցին, իսկ հիմա մեծաթիւ ընտանիքներ կը ներգաղթեն Հայաստան: Այս մէկը լուռ բողոքի նշան է:

 

- Եթէ  ցոյցերը  շարունակուին, եւ    Հարիրիի   կառավարութիւնը  հրաժարական չտայ, ի՞նչ  սենարներու սպասենք։


Ժողովուրդ-ղեկավարութիւն վստահութիւնը խախտած է: Զայն վերականգնելու համար մեծ ջանք պէտք է: Մինչ այսօր իսկ կառավարութեան  կազմը իրար մէջ հաշտ չէ:  Իսկ  թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ,  կան մի  քանի սենարներ, որոնցմէ  կ՚առանձնացնեմ ՝

- Օտար  խաղաղապահ   զօրքեր Լիբանան մուտք  կը գործեն։

- Դուրսէն մեծ գումարներ կը  հասնին ժողովուրդը քիչ մը հանգստացնելու համար:

- Ժողովուրդը կուսակցական ճնշումներու ենթարկուի, բայց այս մէկը զօրաւոր խաղաթուղթ մը չէ:

 

-Առհասարակ  խանդավա՞ռ էք  այսօր Լիբանանի մէջ   տիրող  վիճակով։


Խանդավառութեան հարց չկայ, իրապաշտօրէն պէտք է մօտենալ: Իսկապէս որ չքաւորութիւնը ծայրայեղ աստիճանի հասած է, նոյնիսկ միջին դասակարգը աղքատանալու ընթացքին մէջ է:

Հոս աւելցնեմ, որ բազում հայ ընտանիքներ կարիքաւոր դարձած են, նոյնիսկ անօթի պառկող երեխաներ կան, որոնք յաջորդ օրը անօթի դպրոց կ'երթան: