image

Այսօր Լիբանանի համայնքային առաջնորդները պարտաւոր են վերատեսութեան ենթարկել իրենց հաշիւները.Ալեքսան Քէօշկէրեան

Այսօր Լիբանանի  համայնքային   առաջնորդները պարտաւոր են  վերատեսութեան ենթարկել իրենց  հաշիւները.Ալեքսան  Քէօշկէրեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան  քարտուղար, լիբանանահայ ազգային գործիչ՝  Ալեքսան Քէօշկէրեանը: Ան  կը  կարծէ, որ սխալ է   հայութիւնը տարանջատել Լիբանանի   ժողովուրդէն։

 

-Հիմա, որ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախարարները հրաժարական տուին, ի՞նչ սենարներու սպասել:


Ինչպէս յայտնի է՝ լրատուական միջոցներէն, երէկ գիշեր «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնը, որ Սաատ Հարիրիի ներկայ կառավարութեան բաղկացուցիչ մասերէն մէկն էր, իր հրաժարականը   տուաւ,   քաղաքական նոր ճգնաժամի մը դուռը բացաւ: Ճգնաժամ՝ ժողովրդային եւ կառավարական իմաստներով: Նախ՝ կառավարութիւնը հիմա պիտի անպայման դուրս եկած քրիստոնեայ նախարարներուն տեղը նոր քրիստոնեայ նախարարներ նշանակէ, ինչպէս նաեւ անոնց ունեցած թղթածրարները պէտք է յանձնէ նոր նախարարներուն, որն ինքնին  մեծ խնդիր է: Երկրորդ՝ եթէ այսօրուայ դրութեամբ ժողովրդային շարժումը կուսակցական եւ համայնքային տեսք չունէր, ապա «Լիբանանեան ուժեր»ու այդ շարժումին միացումով գետնի վրայ ի՛նչ փոփոխութիւն կ'ըլլայ հարցական է, եւ անշուշտ այդ մէկը կախեալ է անկէ, թէ ժողովուրդը անոնց ինչպէ՞ս պիտի ներքաշէ իր մէջ, այս ալ ուրիշ հարց է: Եթէ «Լիբանանեան ուժեր»ը կրցան այս ժողովրդային ինքնաբուխ շարժումը գլխաւորել, ասիկա երկրի պատմութեան մէջ իւրայատուկ երեւոյթ մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, գետնի վրայ գտնուողները մէկ համայնքի եւ մէկ կրօնքի  չեն պատկանիր եւ կուսակցականացուած չեն, հետեւաբար այս շարժումը գլխաւորելով, իրենք կրնան դառնալ Լիբանանի ամենամեծ եւ ազդեցիկ կուսակցութիւնը, բան մը  սակայն, որ   դժուար  թէ իրականանայ։

 

-Արդէն հինգ օր է՝ ինչ լիբանանցիները բողոքի ցոյցեր կը կատարեն.  Ի՞նչ կը կարծէք,  պիտի    շարունակուի՞ն այս  ցոյցերը։


Ըստ երեւոյթին, ժողովրդային ըմբոստութիւնը դադրելու նպատակ չունի, եւ ժողովուրդը քանի մէյ մը  իջած է փողոց, ետ պիտի չնահանջէ այլեւս, սա է  ընդհանուր    պատկերն  ներկայիս։ Եթէ նոյնիսկ ժողովուրդը հասնի այն կէտին, որ տեսնէ որ պէտք է քիչ մը ժամանակ տայ կառավարութեան, ներկայ կառավարութիւնը այլեւս չի կրնար իր առաջուայ ձեւերով գործել եւ այսուհետեւ պարտադրուած պիտի զգայ  պահանջուած  բարեփոխումները իրականացնել: Հոս ուրիշ երեւոյթ մը եւս կայ, ինչպէս վերը նշեցի, քանի այս ըմբոստութիւնը համայնքային բնոյթ չի կրեր, այդ համայնքներու կրօնական ղեկավարները, որ մինչեւ այսօր ժողովուրդի ուսերուն նստած կը կեղեքէին եւ կը շահագործէին, պիտի ստիպուին վերանայելու իրենց հաշիւները եւ տեսնեն, որ հին ձեւերով այլեւս ժողովուրդը չի ղեկավարուիր. ասի անկիւնադարձային պահ  է Լիբանանի համար, Լիբանանի ղեկավարութեան համար, Լիբանանի ապագային համար:

 

-Վարչապետ Սաատ Հարիրիի խօսքի ընթացքին նկատեցինք, որ ինք այդքան ալ պատրաստ չէ հրաժարելու, ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:


Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարճ եւ համապարփակ ելոյթին մէջ ըսաւ, որ ինքը պատրաստ չէ հրաժարելու, եւ հետաքրքրականն այն է, որ ան ոչ թէ ժողովուրդին, այլ իր կառավարութեան տուաւ 72 ժամ: Այս յատկանշական արարք է եւ  իմ կարծիքով, այսպիսի կառավարութիւնները միշտ ձախողած են, որովհետեւ Լիբանանի մէջ բոլոր համայնքները կը մասնակցին կառավարութեան եւ ամէն մէկը ինքն իր աւարի բաժինը կ'ուզէ վերցնել, իսկ հիմա որ բոլորը մէջն են, մէկը միւսին սխալ արարքները  կը ծածկէ, որպէսզի երկրի կայունութիւնը, միասնականութիւնը պահպանէ, սակայն այս փորձը ցոյց տուաւ, որ երկրին միասնականութիւնը միասնական կառավարութիւններով չիրականանար, այլեւս տեղ մը եկած է, որ Լիբանան իր օրինաչափ ձեւը պէտք է գտնէ, ինչպէս բոլոր ժողովրդավարական երկիրները, պէտք է ունենայ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն:  Եւ  հիմա կարծես թէ այդ ուղղութեամբ կ'երթայ  երկիրը։ Իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրի կամաց կամաց-կարծես կը հասնի իր նպատակին, ինչպէս միշտ ըսած է կառավարութեան մէջ ներկայացուած ուժերուն՝ ձեր մէջ եղած հարցերը լուծեցէք այլեւս եւ մէկը միւսը  թող չխանգարէ: «Լիբանանեան ուժեր»ը գտաւ, որ իրենց չխանգարելու միակ ձեւը հրաժարիլն է եւ այդպէս ալ հրաժարեցաւ:

 

-Կ'ըսեն, որ այս բոլորը կը կատարուի այն պահուն, երբ ԱՄՆ ծանր ճնշումներու կ'ենթարկէ Լիբանանը, յատկապէս նիւթական առումով, արդեօք  այս բոլորը կը յանգեցնե՞ն Լիբանանի տնտեսութեան եւ ելեւմտական վիճակի փլուզման:


Հեռու չէ այս միտքը, եթէ շատ խորանանք, կը տեսնենք որ կրնան այդպիսի բաներ ըլլալ եւ ելլելով այն միտքէն, որ հրաժարող կողմը մինչեւ այսօր «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնն է, որուն արտաքին քաղաքական կողմնորոշումը յստակ է, որ շատ արեւելեան, փրո-իրանեան կողմնորոշում չէ, ասիկա այդ ընդհանուր ծիրին մէջ օղակ մը կրնայ ըլլալ:  Սակայն ըսեմ, որ այդ ալ իրենց համոզումներուն վրայ եղած քայլ մըն է, այսինքն «Լիբանանեան ուժեր»ու քաղաքական կողմնորոշումի հարց կայ այստեղ։ Նորէն կ'ըսեմ, լիբանանեան կառուցուածքը շատ խայտաբղէտ, բազմաշերտ կառուցուածք է, ուր գաղափարական եւ սոցիալ-տնտեսական կողմնորոշումներ գոյութիւն չունին, կառավարութիւնը կը հիմնուի երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող հաւասարակշռութեան պահպանման հիման վրայ՝ երկրի քաղաքական հաւասարակշռութիւնը պահելու համար եւ այս  ալ, իր ունեցած դրական կողմերով հանդերձ, ունի եւ բացասական այն կողմը, որ կառավարութեան մէջ գոյութիւն չունի ընդդիմութիւն եւ այնտեղ փտածութիւնը, քորուփցիան կրնայ զարգանալ, որովհետեւ վերահսկող, հաշիւ պահանջող չկայ, եւ այդ   պատճառով ալ  կառավարութիւնը յաճախ կ'երթայ ձախողութիւններու:

 

-Ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէ լիբանանահայ շրջանակներուն մօտ, որեւէ մտավախութիւններ կա՞ն, որ արտագաղթի նոր ալիք մը սկսի:


Մեր հայրենաբնակ լրագրողները, մտահոգ ըլլալով իրենց հայրենակիցներու մասին, ինչը ճիշդ  մօտեցում  է, այս հարցումը միշտ կու տան, սակայն միւս կողմէն պիտի չմոռնանք, որ շատ սխալ երեւոյթ է առանձնացնել լիբանանահայութիւնը ընդհանուր Լիբանանի ժողովուրդէն, որովհետեւ մենք բոլորս այս երկրին մէջ ապրող համաքաղաքացիներ ենք, մենք ալ այս երկրի հիւսուածքին կարեւոր մէկ հատուածը կը ներկայացնենք եւ հայկական համայնքին վիճակը չառանձնացուիր ընդհանուր երկրի բնակչութեան իրավիճակէն:

Իսկ ինչ կը վերաբերի նոր արտագաղթի հոսանքին, այո՛, ոչ միայն հայերը, այլ ամբողջ լիբանանցի երիտասարդները կ'արտագաղթեն երկրէն, որովհետեւ երիտասարդները, երբ կ'աւարտեն իրենց համալսարանները, աշխատանք գտնելու դժուարութիւններ կ'ունենան, անոնք աւելի բարձր պահանջներ ունին երկրէն, որովհետեւ զարգացած են, հին ձեւերով չեն կրնար ղեկավարուիլ, եւ երբ  իրենց բարոյական, տնտեսական իրաւունքները կը պահանջեն, կը տեսնեն, որ  այդ պահանջները  բաւարարուած չեն  եւ  յուսախաբ ըլլալով, կը լքեն երկիրը:

Այս երեւոյթը բաւականին համատարած դարձած է վերջին շրջանին, եթէ կը նկատէք, բաւական հայ ընտանիքներ կը լքեն Լիբանանը եւ կը մեկնին դէպի Հայաստան: Այսօրուայ դրութեամբ բարեբախտութիւն մըն ալ գոյութիւն ունի. այն հայերը, որոնք Լիբանանը կը լքեն, կը նախընտրեն երթալ հայրենիք եւ այնտեղ նոր կեանք մը սկսիլ:

 

-Ձեր   կարծիքով,  այս  զարգացումները կրնա՞ն արտահերթ ընտրութիւններու տանիլ երկիրը:


Արտահերթ ընտրութիւններ ես չեմ տեսներ, որովհետեւ արտահերթ ընտրութիւններու եթէ երթանք, ամբողջ երկիրը կրնայ խաթարուիլ, մանաւանդ, որ մինչեւ օրս այն կողմերը, որոնք դէմ են այս կառավարութեան հրաժարականին, որոնք են՝ Լիբանանի «Ազգային   ազատ հոսանքը», «Ամալ» շարժումը, «Հըզպալլան», Հարիրին, «Մարատա» հոսանքը, խորհրդարանական մեծամասնութիւն կը կազմեն եւ իրենք պատրաստ չեն նոր ընտրութիւններու երթալու:

Եթէ խորհրդարանական ընտրութիւններ   կ՚այացուին, մանաւանդ ժողովրդային  ըմբոստութեան  այս  մթնոլորտին մէջ, կը կասկածիմ, որ այդ ուժերը դարձեալ կարողանան նոյն թիւով երեսփոխաններ   հասցընել խորհրդարան: Այս նկատառումէն ելած, ես երբեք չեմ տեսներ նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ, որովհետեւ ոչ մէկուն հաշուոյն կու գայ այդ մէկը, բացի այդ, կայ նաեւ ապահովական նկատառումը, կան տարածաշրջանային լարուածութիւնները, որոնք բոլորը կ'ազդեն Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ:

 

-Կը կարծէ՞ք որ Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող զարգացումներուն առընթեր, Լիբանանի մէջ կատարուող այս փոփոխութիւնները ինչ որ նոր տագնապ մը ստեղծելու ճիգը ունին իրենց մէջ:


Ինչպէս նշեցի, Լիբանանի չորս կողմը եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող բոլոր քաղաքական, զինուորական զարգացումները միշտ իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են Լիբանանի վրայ: Սակայն Լիբանանի ժողովուրդը, ելլելով իր երկար տարիներու փորձառութենէն, արդէն հասած է այդ հասունութեան, եւ չեմ կարծեր, որ ներքին ճգնաժամի մը, այսինքն՝ բիրտ ուժի գործադրման կամ ներքին քաղաքացիական ընդհարումներու առիթ տայ։   Քաղաքական ճգնաժամ կրնայ պատահիլ, սակայն քաղաքական ճգնաժամերէն դուրս գալը միշտ  ալ  հնարաւոր է: Լիբանանի ժողովուրդը այդքան հասուն եւ այդքան արթուն է, որ պիտի չտարուի այդպիսի սխալ ուղղութիւններով, ինչպէս եղած էր   մօտիկ անցեալին, որոնցմէ վերջինը 1975-ին սկիզբ  առած քաղաքացիական   պատերազմն էր։