image

Լիբանանի մէջ բողոքի ալիքը կը շարունակուի. Պէյրութը գրեթէ անդամալուծուած

Լիբանանի մէջ բողոքի ալիքը կը շարունակուի. Պէյրութը գրեթէ անդամալուծուած

Պէյրութ տանող գլխաւոր ճանապարհները կը շարունակեն մնալ  փակուած։

Տորայի մայրուղին, Նահր Ալ Քալպի մայրուղին, Սէն Թրեզ-Հատաս մայրուղին եւ այլ  գլխաւոր  մայրուղիներ փակուած են հրկիզուած  անիւներու միջոցով։

Ապահովական մարմիններ, գլխաւորութեամբ լիբանանեան բանակի ստորաբաժանումներուն, կը փորձեն վերաբանալ փակ ճանապարհները, սակայն ցուցարարները ետ կը վերադառնան եւ այս անգամ աւելի մեծ  թիւերով կը փակեն վերաբացուած ճամբաները։

Մայրաքաղաք Պէյրութը այս պահուն կը ներկայացնէ անդամալուծուած իրավիճակ մը եւ տարբեր շրջաններու մէջ  գործատեղերն ու վաճառատուները փակ կը պահեն իրենց  դռները։

Կը  նշուի  նաեւ,  որ երկրի նախարարաց  խորհուրը   այսօր արտահերթ նիստ մը պիտի գումարէ Պաապտայի  նախագահական պալատին մէջ քննելու համար  երէկ երկրին մէջ ծաւալած  բողոքի  ալիքի հիմնական   պատճառները։

Թէկուզեւ քաղաքացիներ կը պահանջեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի իր պաշտօնէն հրաժարականը, սակայն Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ   յայտարարած են, որ Լիբանանի վարչապետը մտադիր չէ հրաժարիլ իր պաշտօնէն։

Նշենք նաեւ, որ  այս պահուն հազարաւոր քաղաքացիներ կ՚ուղղուին Պէյրութի կեդրոնական «Ռիատ Ալ-Սոլհ» հրապարակ եւ կը նախատեսուի նաեւ, որ ցուցարարները  իրենց բողոքի հաւաքները շարունակեն ցնոր տնօրինութիւն։