image

«Հայաստանէն հեռանալով մեզի աւելի լաւ ապագայ մը պիտի չկերտենք. Պէտք է հոս պայքարինք եւ յաջողութեան հասնինք».Կարօ Գուզույեան

«Հայաստանէն  հեռանալով մեզի աւելի լաւ ապագայ մը  պիտի չկերտենք. Պէտք է հոս պայքարինք եւ յաջողութեան հասնինք».Կարօ  Գուզույեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Կարօ Գուզույեան.


-Ի՞նչ պայմաններու տակ ստիպուած եղաք հեռանալ Հալէպէն, ի՞նչ էին վերջին վայրկեաններու ձեր զգացումները երբ լքեցիք Հալէպը, ինչպէ՞ս էր քաղաքին իրավիճակը, ինչպիսի՞ն էր պատերազմական դրութիւնը, ի՞նչ կը յիշէք:


Շուրջ երեք  տարի առաջ  էր, որ  հեռացանք Հալէպէն։ Այդ  օրերուն բաւականին դժուար իրավիճակ էր, թէ՛ պատերազմական առումով թէ՛ կենցաղային, այսինքն ջուր, ելեքդրականութիւն  չկար Հալէպի մէջ։ Պատերազմի ամէնէն դժուար, ցաւալի եւ վտանգաւոր ժամանակներն  էին: Ես 1 նոյեմբեր  2016-ին եկայ Հայաստան, անկէ երկու ամիս ետքն էր, որ Սուրիոյ   բանակը  ազատագրեց   Հալէպը, այսինքն պատերազմական դժուար տարիները ես հոն անցուցի: Թէ ի՞նչ էին զգացումներս երբ Հալէպէն հեռացայ, բնականաբար դիւրին չէր  վիճակը. Երբ որեւէ մէկը լքէ իր երկիրը, տունը տեղը, ակումբը, ընկեր ընկերուհիները  բնականաբար կը տխրի, ալ ուր մնաց , երբ պատերազմի  հետեւանքով   կը հեռանայ իր ծննդավայրէն ...: 

Չմոռնամ  ըսել, որ   այդ ժամանակ ես նոր ընդունուած էի Հալէպի    համալսարանի ճարտարարուեստի բաժանմունք, եւ  համալսարանի գտնուած  վայրը    շատ վտանգաւոր   էր՝ ուղղակի պատերազմական գօտիին մօտիկ եղող վայր էր ու նաեւ այդ պատճառով էր,  որ ստիպուած  եղանք    Հալէպէն  հեռանալ։

Կար նաեւ այլ կարեւոր հանգամանք մը, այն ալ մեր մօտիկ   ազգականներուն Հայաստան    հաստատուած ըլլալու  փաստն էր. քեռիներս, հօրեղբայրս, մեծ հայրս եւ մեծ  մայրս Երեւան  հասած էին:


-Ինչպէս ամէն մարդ, որ քաղաք կը փոխէ, անշուշտ, դուք ալ դժուարութիւններ ունեցաք Հայաստանի մէջ: Ի՞նչ էին այդ դժուարութիւնները, արդեօ՞ք իրապէս բարդ վիճակ մըն էր ձեզի համար երբ Հայաստան փոխադրուեցաք, ի՞նչ կը յիշէք այդ դժուար օրերէն, ի՞նչն է որ մինչեւ հիմա ձեր սրտին ու մտքին վրայ ծանրացած է:


Ինչպէս ըսի, ընտանիքիս մեծ մասը արդէն հոս էր: Սկիզբի շրջանին մասնաւոր դժուարութիւններ չունեցայ: Բայց երբ եկայ, որպէս ուսանող ուշացած էի, ուսումնական տարեշրջանը բաւական ատենէ սկսած էր, նոյեմբերին եկայ, իսկ սեպտեմբերէն դասերը սկսած էին,  բայց եւ այնպէս ընդունուեցայ «Ճարտարապետական համալսարան»: Տարի մը անց եւ նիւթական պայմաններու բերումով    դուրս եկայ համալսարանէն, մտածելով որ ընդունելութեան քննութիւն կը դիմեմ ու  դարձեալ  կը   վերադառնամ դասերուս...։ Անկէ ետք  աշխատանքի  սկսայ սուրիահայերու ճաշարանի մը մէջ եւ  այդ  աշխատանքը շարունակեցի  մինչեւ վերջերս։   Ուսման  շրջանին եւ   մինչեւ օրս  կրնամ   ըսել, որ մեծ դժուարութիւններ չունեցայ, բացի   առաջին  շրջանի   նոր միջավայրին ընտելանալու խնդրէն։  Բացի այդ  կար  նաեւ ուսման     վարձի  թանկ  ըլլալը եւ   գործին  ու ուսման   միջեւ   ժամերու համատեղութիւնն  ու    բաւական   ծանրաբեռնուած ըլլալու   իրավիճակը:  Ըսեմ  նաեւ, որ   հայրենի ժողովուրդին հետ  հասկցուելու խնդիր երբեք չունեցայ։  Ու  այս բոլորը ներկայացնելէ  անդին   յստակ է, որ ես մեծ  դժուարութիւններ չեմ ունեցած  Հայաստանի մէջ։


- Երեք տարի է՝ հոս էք, այսօր ինչպէս կը գնահատէք վիճակը: ինչպէ՞ս էիք երէկ եւ ինչպէ՞ս էք այսօր. ի՞նչ համեմատականներ կրնաք գծել. արդեօ՞ք այսքան տարիներ վերջ ճիշդ որոշում ընդունա՞ծ էք Հայաստան հաստատուելով:


Համեմատելով անցեալը այսօրուայ հետ, ես կը կարծեմ, որ Հայաստանը որոշ չափով օգնեց ինծի իմ երազներս իրականացնելու, ուսումի կողմէ: Ես Հալէպ սկսած էի ուսանիլ, բայց վստահ եմ որ եթէ հոն  շարունակէի  ուսումանռութիւնս  այդքան  ալ լաւ տեղ պիտի չհասնէի: Այստեղ պայմանները այնպէս դասաւորուած են, որ կարելիութիւն ունիմ, նոյնիսկ ուսանած ատենս իմ ընտրած ճիւղիս համեմատ գործ մը ճարել։  Հիմա  օրինակ անհատական    փոքր  նախաձեռնութիւններ եւ Տիզայնի  գործեր կը կատարեմ, եւ այդ մէկը   ինծի մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ։


- Ճարտարապետութեան ուսանող էք.  ի՞նչ խնդիրներու առջեւ էք այսօր որպէս ճարտարապետութեան ուսանող եւ առհասարակ, միջավայրին մէջ,  որպէս սփիւռքահայ  ուսանող որեւէ խնդրի առջեւ կանգնեցա՞ք։


Որպէս ճարտարապետականի  ուսանող խնդիրներ չունիմ, եւ մտահոգութիւնս միայն միայն նիւթական է։ Այն նիւթերը որ պիտի օգտագործենք ուսման ատեն , ըլլայ այդ թուղթ, մատիտ, գծաքաշ, տախտակ եւ այլն, բաւականին   թանկ  են, առաւել ուսման վարձը, որ մօտաւորապէս բժշկական համալսարանի ուսման վարձին չափ է: Համալսարանը լաւ է, բաւական լաւ կը բացատրուի ամէն ինչ: Իսկ գործի առումով, այո դժուարութիւններ կան. այսինքն համալսարան աւարտողը, որպէս ճարտարապետ գործի ընդունուիլը,  քիչ մը բարդ դարձած է: Թերեւս ուրիշ ճիւղերու մէջ օրինակ տիզայնի ճիւղին մէջ, ուսանած շրջանին, կարելի է տիզայնով զբաղիլ, գծել եւ նկարել, բայց որպէս ճարտարապետ այնքան ալ դիւրին չէ Հայաստանի մէջ գործ գտնելը:

 

-Ձեզի համար Հայաստանը վերջնական կայք պիտի ըլլա՞յ կամ ուսումը աւարտելէ ետք պիտի մտածէ՞ք այլ երկիրներ փոխադրուելու եւ ձեր կեանքը  այնտեղ    շարունակելու մասին։


Հաւանաբար այո, Հայաստանը ինծի համար վերջնական կայք պիտի ըլլայ: Ես մասնաւոր ծրագիրներ չունիմ ապագային դուրս երթալու  հաստատուելու նպատակով,  եւ եթէ  ճամբորդեմ,  այդ մէկը պիտի ըլլայ միայն   ուսումս  կատարելագործելու նպատակով։   Հայաստանը ինծի համար շատ լաւ երկիր է իր ամէն ինչով, երեք տարուայ մէջ ինչ որ նկատեցի, բաւական մեծ չափով բարեբոխումներ եղան, շատ  բաներ փոխուեցան եւ այդ մէկը յուսադրիչ է։

 

- Սփիւռքահայ եւ նոյնիսկ հայրենի երիտասարդութեան համար ի՞նչ է այսօր գլխաւոր մարտահրաւէրը ձեր կարծիքով, ի՞նչ պէտք է ընէ, ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմէ Հայաստանի եւ առհասարակ հայ երիտասարդութիւնը, որպէսզի կարողանայ աւելի լաւ ապագայ մը կերտել ե՛ւ սփիւռքի ե՛ւ Հայաստանի մէջ:


Հայ երիտասարդութեան համար գլխաւոր մարտահրաւէրը տնտեսական տիրող իրավիճակն է, որ դարձած է համաշխարհային  խնդիր:  Ոչ միայն Հայաստանի մէջ է որ տնտեսական իրավիճակը դժուար է , այլ ամբողջ աշխարհի մէջ: Իսկ  ինչ կը վերաբերի Հայաստանի   երիտասարդութեան, որուն մէկ   մասնիկն եմ-  ապա իմ կարծիքով  կը հաւատամ, որ երիտասարդութիւնը     պէտք է   մեծ հաւատք ունենայ  մեր երկրին հանդէպ։ Այս   կ՚ըսեմ, որովհետեւ  յաճախ կը նկատեմ, որ այսօր Հայաստան   ապրող  շատ մը  երիտասարդներու  մօտ  կեանքի պայքարը մինչեւ  վերջ տանելու վճռակամնութեան  պակաս կայ. Շատեր կը կարծեն, որ Հայաստանը լքելով, հեռանալով,    այլ երկիրներու մէջ  մեծ  յաջողութիւններու  պիտի հասնին, բայց  իրականութիւնը   այդպէս  չէ...:  Մեր  ընդհանուր խնդիրը   այս է եւ ես կը հաւատամ, որ եթէ իւրաքանչիւր երիտասարդ   փորձէ  իր ծրագիրը եւ իր երազը  Հայաստանի մէջ     իրականացնել, այդ ատեն մենք   շատ դրական    ճանապարհի մը վրայ կ՚ըլլանք։ Ի վերջոյ «Հայաստանէն  հեռանալով մեզի աւելի լաւ ապագայ մը  պիտի չկերտենք. Պէտք է հոս պայքարինք եւ յաջողինք»

 

-Ի՞նչ կը մտածէք ներկայ Հալէպի մասին, ի՞նչ տուեալներ ունիք. ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հալէպի հայութեան ապագան:


Հալէպահայ գաղութին ապագան ինծի համար, մտահոգիչ է, որովհետեւ պատերազմը շատ վատ հոգեկան հետքեր ձգեց  բոլորին վրայ: Մանաւանդ փոքրերու պարագային. անոնք պատերազմ տեսան եւ պատերազմի խորհրդանիշներ կրող   խաղալիքներով խաղցան.  զէնք ու թնդանօթ կամ նման բաներով   մեծցան եւ այդ բոլորը ինծի լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառէ։

Անշուշտ, չեմ կրնար  ուրանալ  կամ անտեսել, որ հակառակ   պատերազմական դրութեան   գաղութը  շարունակեց  ոտքի մնալ։  Ներկայիս, երբ   վիճակը հանդարտ է, գաղութը տեղքայլի մէջ է կարծես, եւ կամաց կամաց կը փորձէ ինք իրեն պահել, ու ետ  ոտքի ելլել։ Հալէպահայ  երիտասարդութեան թիւն ալ  քիչցաւ, այդ ալ մեծապէս   կ՚ազդէ   վիճակին վրայ։ ունի  գաղութը առաջուայ պէս ետ ոտքի կանգնեցնելու մէջ: Թիւը պակսելու, որպէս արդիւնք , ուրիշ խնդիրներ ալ ծագեցան,  օրինակ   հեռաւոր շրջաններէն եւ Հալէպ  քաղաքէն չեղող  բնակչութեան  հոսքը, որ կրնայ նոյնիսկ մարդագրական ընդհանուր վիճակը  փոխել եւ այդ մէկը   մեծ  հարցականներու  պատճառ  կը  դառնայ։