image

«Պէրութի վիճակը օրըստօրէ կը վատթարանայ...».Լիբանանահայ գործարար Արա Հալաճեան

«Պէրութի  վիճակը  օրըստօրէ կը վատթարանայ...».Լիբանանահայ գործարար Արա  Հալաճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ գործարար  Արա Հալաճեանը.

 

-Այսօր ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ Պէյրութի մէջ, ի՞նչ են ընդհանուր տրամադրութիւնները:

 

Երկրի ընդհանուր վիճակը օրէ օր կը վատթարանայ: 2018-էն արդէն զգալի էր կարգ մը ոլորտներու մէջ շուկայի տեսակէտով աշխատանքի կարելիութիւններու նուազումը, բայց 2019-ին վիճակն աւելի վատթարացաւ, երբ որ այս «Իսքանի» պարտքերը, տուներու լոները (փոխառութեան մուրհակներ) դադրեցուեցան։ Ատկէ ետք սկսաւ շինարարական ոլորտի դանդաղումը, հետեւաբար նաեւ կալուածներու առուծախի ընդհանրապէս դադրեցումը եւ այդ մէկը շատ վատ ազդեց շուկային վրայ: Իսկ դրամատուները, որ մինչեւ այսօր կայուն էին տնտեսական դաշտին մէջ, անոնք եւս սկսան տկարանալ օրէ օր:

 Այսօր ամերիկեան տոլարը դարձած է անգտանելի, քանի որ դրամատուները չեն կրնար տոլարի պէտք եղած գումարները ապահովել։ Մարդիկ, որոնք տոլարով խնայողութիւն ունին, անոնք եւս իրենց ուզած գումարը ուզած ատեննին, ինչպէս որ առաջ կ'ըլլար, չեն կրնար ստանալ։ Դրամատուները կը փորձեն տոլարը իրենց մօտ պահել, բան մը, որ մտավախութիւն կը ստեղծէ։ Տոլարին գինը 25-30 տարի է, պատերազմէն ի վեր մէկ սակի վրայ կայուն մնացած էր, հակառակ որ երկրին պարտքերը աւելցած են, բայց հիմա մարդիկ վախը ունին, որ հին օրերուն պէս տոլարը յանկարծ շատ բարձրանայ եւ ատոր համար սեւ շուկայի վրայ բարձր գիներ կը վճարեն եւ իրենց լիբանանեան դրամները տոլարի կը վերածեն:

Հակառակ որ ես դրական մօտեցումներ ունիմ եւ  կը  փորձեմ  բաժակին լեցուն կողմը տեսնել, բայց իրականութիւն մը կայ, որ պէտք է ընդունինք. այսօր  մեծ  ընկերութիւններ սկսան իրենց ծախսերը թեթեւցնել՝ պաշտօնեաներ կրճատելով, պակսեցնելով, պաշտօնեաներուն կէս օր աշխատցնելով կամ կէս ամսական վճարելով, անոնք ստիպուած այս տեսակ լուծումներու դիմել, որպէսզի կարողանան ապահով կերպով դուրս գալ այս տագնապէն։

 

-Անցնող օրերուն ամէնէն շատ խօսուեցաւ վառելանիւթի տագնապին մասին. արդեօք այդ տագնապը ձեզի որեւէ կերպ մտավախութիւն կը պատճառէ՞, որ յառաջիկային հացի, փոխադրութեան, դեղի կամ այլ տագնապներ ալ ըլլան:


Պենզինի տագնապի խնդրով, կը կարծեմ, որ Լիբանանի ժողովուրդը արդէն պատերազմի օրերէն այդ վախը ունի, որ կրնայ վիճակը աւելի վատ ըլլալ եւ չկարողանայ պենզին ձեռք ձգել. ապրած ենք այդ օրերը բոլորս, բայց ես կը կարծեմ, որ քիչ մը կը չափազանցեն, քանի որ հազիւ լուր մը տարածուի, ամէն մարդ խուճապի կը մատնուի եւ կը վազէ որպէսզի ապահովէ իր պենզինը, չնայած այդ մէկը կրնայ սուտ լուր ըլլալ:

Հիմա երկու կարծիք կայ, մարդիկ կ'ըսեն որ տագնապ կայ եւ պենզին պիտի ծախենք, ուրիշներ ալ կ'ըսեն որ պիտի չծախենք. հարցը պենզին ըլլալ չըլլալու հարցը չէ, այլ այս շուկային վրայ կեդրոնական դրամատան կողմէ տոլարով եւ լիբանանեան դրամով սահմանուած գիները չյարգուիլն է, այդ է, որ հարց կը ստեղծէ:

 

-Ժողովուրդի տրամադրութիւնները ինչպէ՞ս են, ի՞նչ կը խօսին համայնքին մէջ: Տնտեսական անհանգիստ իրավիճակը պատճառ կրնա՞յ դառնալ, որ գաղթի ալիք մը սկսի: Մենք գիտենք, որ դէպի Հայաստան է ժողովուրդի մեծ մասին հայեացքը, արդեօ՞ք ատի խթան կը հանդիսանայ յաւելեալ կերպով դէպի Հայաստան ներգաղթելու:


Գալով ժողովուրդի հոգեվիճակին, վստահ բոլորը յուսահատ են, հին սերունդը, որ պատերազմը ապրեցաւ եւ խաղաղութեան օրերուն յոյս մը ունէր, որ երկիրը պիտի լաւանայ եւ լաւ ապագայ մը պիտի ըլլայ այսօր յուսախափ է։ Շատեր կը զգան, որ խաբուած են եւ սխալ ըրած են հոս մնալով եւ կ'ուզեն երկիրը ձգել եւ երթալ, նոյնիսկ տեղացիներ երբ մեր հետ կը զրուցեն, կ'ըսեն՝ դուք ունիք տարբերակ, կրնաք Հայաստան երթալ, երանի մենք կարենանք, այդպիսի առիթ մը ունենալ. իսկ լիբանանահայ գաղութի մեծ թիւով անդամներ համոզումը ունին, որ պէտք է Լիբանանէն հեռանան։ Անշուշտ Հայաստանի հետ կապուած , որոշ մտավախութիւններ ալ կան, ապրուստի հարց, տունի հարց եւն. եւն., բայց եւ այնպէս շատերու մօտ այն մօտեցումը կայ, որ Հայաստանի մէջ վիճակը աւելի տանելի է ու ապրուստը աւելի յարմար: Կը կարծեմ, որ եթէ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որոշ դիրութիւններ տրուին, ցուցմունքներ ըլլան , շատ աելի մարդիկ կ'ուզեն եւ քաջութիւնը կ'ունենան քայլ մը առնելու եւ ձգել- երթալու: