image

Իրաքի հայութեան մեծ տոկոսը մտադիր է արտագաղթել. Նշան Պարութճեան

Իրաքի հայութեան  մեծ  տոկոսը  մտադիր է արտագաղթել. Նշան  Պարութճեան

 «Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  իրաքահայ  Նշան Պարութճեանը.

-Ներկայիս, ինչպիսի՞ն    է իրաքահայութեան վիճակը: 


Իրաքի վիճակը ներկայիս ընդհանուր առմամբ լաւ է, եկեղեցիները բաց են, ակումբները կը գործեն, իսկ հայերուն արտագաղթը բաւականին նուազած է:

 

- Ինչքա՞ն  է Պաղտատի հայութեան ընդհանուր թիւը:


Ներկայիս Պաղտատի մէջ   կ՚ապրին   շուրջ  2000 հայեր:


-Բացի Պաղտատէն նաեւ ուրիշ շրջաններու մէջ՝ օրինակ Մուսուլի մէջ, Նինուէի մէջ, Քերքուքի մէջ ալ նախապէս հայեր կային: Այսօր ընդհանուր հայութիւնը ո՞ւր կեդրոնացած է:


Հայերը մեծամասնութեամբ կեդրոնացած են Պաղտատի մէջ: Մուսուլի մէջ հայերու թիւը հազիւ մատներու վրայ կը հաշւուի, որովհետեւ պատերազմին  պատճառաւ եւ մանաւանդ «Տահէշ»ի  երեւումէետք,  մեծ թիւ հայեր    Իրաքէն հեռացան։ Անոնց  կարեւոր մէկ մասը  հեռացաւ     դէպի Քիւրտիստան  (մասնաւորապէս՝ Իրպիլ) եւ անոնց  թիւը  այսօր կը գնահատուի  մօտաւորապէս 400-ով։  Քերքուքի մէջ   շուրջ  100 հայեր կան, Սուլէյմանիէ՝ 15 , Պասրա՝ 200, իսկ ամէնա հայահոծ քաղաքը Պաղտատէն վերջ Զախոն   է,  ուր   հայերու  թիւը  կը  գնահատուի  700-800-ով։ 200-250 Հայեր կան   նաեւ Աւզրուկ գիւղին մէջ, իսկ մնացեալ նահանգներու մէջ   հայորդիներուն   թիւը   աննշան է։


-Ի՞նչ դժուարութիւններ ունի այսօր իրաքահայութիւնը, ի՞նչ են   ընդհանուր  մտահոգութիւնները: 

Նոր ստեղծուած մասնաւոր դժուարութիւններ չեմ կրնար նշել: Գլխաւոր մտավախութիւնը այն է, որ հայ երիտասարդ տղոց թիւը նուազած է, հետեւաաբար ամուսնութեան պարագաներու թիւն ալ նուազումի մէջ է։  Իրաքի մէջ   տարեկան  կտրուածքով հազիւ 4-5 ամուսնութեան  ականատես կը դառնանք, ինչ որ բնականաբար կը տանի ծնունդներու նուազեցման: Իսկ միւս կողմէ մահացութեան դէպքերու  թիւը կրկնապատիկ աճման մէջ է: Ինչ որ կը յանգեցնէ այն բանին, թէ Իրաքի  մէջ     հայերու ապագան   մութ է։

-Այսքան  արիւնալի պատերազմներէ ետք, արդեօք    Իրաքի   քրիստոնեաները (անոնց մէջ նաեւ հայերը)     ապահով   ապագայ մը պիտի ունենա՞ն։

Շուրջ երկու ամիս առաջ, քրիստոնեաներու Պատրիարքը յայտարարեց, թէ վերջին իրադարձութիւններու պատճառաւ քրիստոնեաներու թիւը հետզհետէ կը նուազի: Ըստ կարգ մը պատասխանատուներու տուեալներուն, պատերազմէն առաջ  մէկ միլիոնի հասնող քրիստոնեաներու թիւը, այսօր կը    գնահատուի  200.000-ով, որոնցմէ շատ շատեր կը մտածեն Իրաքէն արտագաղթելու մասին։ 

 

-Ձեր կարծիքով հայութիւնը պիտի մնա՞յ Իրաքի մէջ եւ ինչ ծրագիրներ  կան  այս առումով։  


Իմ կարծիքով եկեղեցին, հայկական կեդրոնական յանձնախումբը, նաեւ ակումբներն ու միութիւնները ջանք չեն խնայեր պահապանելու հայ դպրոցը, նոյնիսկ ձրի կ'ընդունին հայ աշակերտները, ինչպէս նաեւ ձրի փոխադրամիջոց կ'ապահովեն: Կայ նաեւ հայ ծերանոցը, ուր անվճար խնամք կը ցուցաբերուի ծերերուն: Անկարելի է ստեպել որեւէ մէկուն գաղթել կամ չգաղթել, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի իր պայմանները, նաեւ ընտանեկան պարագաները:Սակայն  ընդհանուր առումով   այսօր  Իրաք   ապրող  հայութեան  մեծ  տոկոսը մտադիր է    լքել   այս  երկիրը։