image

«Անցեալին լիբանանահայութիւնը առիթ չունէր գաղթելու, այսօր պատկերը տարբեր է»Լիբանանահայ Մարի Քէօշկէրեան

«Անցեալին լիբանանահայութիւնը   առիթ  չունէր  գաղթելու, այսօր պատկերը  տարբեր է»Լիբանանահայ  Մարի Քէօշկէրեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ Մարի Քէօշկէրեան

 

-Ինչպիսի՞ն է լիբանանահայ գաղութի վիճակը, ի՞նչ են այսօր գլխաւոր դժուարութիւնները գաղութի:


Գաղութի վիճակը մտահոգիչ է, լիբանանահայերը     ձեւով մը  խուճապի   մէջ են, որովհետեւ երկրի տնտեսական վիճակը սառած է, ամէն ինչ անորոշ է, ժողովուրդը մտադրած է Հայաստան հաստատուիլ:

 

-Շատեր կ'ըսեն, որ մեծ թիւով լիբանանահայեր նպատակ ունին Հայաստան տեղափոխուիլ, ինչքանո՞վ ճիշդ է այս տեղեկութիւնը, ի՞նչ տուեալներ ունիք:


Այո, ճիշդ է, մեծ թիւով լիբանանահայեր կ'ուզեն Հայաստան տեղափոխուիլ, քանի որ ժողովուրդը կ'ըսէ՝ մեր միակ տեղը Հայաստանն է, ուրիշ տեղ կարելի չէ երթալ: Անոնք որոնք դրամագլուխ ունին,  արդէն  իսկ   որոշած են  Հայաստան երթալ, տուն գնել, գործ մը դարձնել, անոնց համար լաւ է, բայց եթէ  անձը օրուայ հացով ապրող է, վարձւոր է, տունի վարձք ունի, չի կրնար քիչ գումարով Հայաստան ապրիլ:

 

-Վերջին  տարիներուն  Լիբանան   ունեցաւ  տնտեսական լուրջ խնդիրներ, արդեօք այդ բոլորը կը սպառնա՞ն Լիբանանի տնտեսութեան, ի՞նչ կարծիք ունիք այդ մասին:


Այո, տնտեսական տագնապը շատ մեծ սպառնալիք է լիբանանահայերուն եւ բոլոր ժողովուրդին համար:

 

-Մարդագրական առումով, կը նկատենք, որ լիբանանահայ երիտասարդներուն թիւը կը պակսի, արդեօք այդ մէկը ինչ որ չափով ձեզի համար մտահոգի՞չ երեւոյթ է, ի՞նչ կ'ըսէք այդ մասին:


Այո, մեր երիտասարդութիւնը  կ'ուզէ ճամբորդել, առիթ ունեցողը կը ճամբորդէ, չուզեր  Լիբանան մնալ, այս երեւոյթի նոր չէ, բայց հիմա աւելի երեւելի դարձած է, եւ  ցաւօք սրտի  շատ մտահոգիչ է։

 

-Գիտենք որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով մեծ թիւով սուրիահայեր, հալէպահայեր Պէյրութ հաստատուեցան, այսօր այդ մասին ի՞նչ տուեալներ ունիք, տակաւին Լիբանան են կամ հեռացան:


Լիբանան հասած սուրիահայերու մեծամասնութիւնը արդէն ճամբորդեցին, ցրուեցան Գանատա, Աւստրալիա, Գերմանիա, Շուէտ, Ամերիկա շատ քիչ: Անոնց որոնց ձեռքէն եկաւ՝ գացին, անոնք որոնք ալ չկրցան երթալ, դեռ մեծ յոյսով կը սպասեն, այսինքն ձեռքերնէն եթէ գայ, անոնք ալ պիտի երթան:

Բայց ես կը կարծեմ, որ այնտեղ ալ սուրիահայերը ապագայ չունին, քանի որ  այդ   երկիրներուն մէջ     կեանքը  դժուար է,  այլասերութիւն կայ եւ հազար ու մէկ հարցեր կան։  Կայ նաեւ   այն  մտահոգութիւնը, որ հոն մեծցող հայ երեխաները ապագային պիտի կորսնցնենք ...

Իսկ Լիբանան նոր եկող սուրիահայերն ալ նախընտրելի է  Հայաստան տեղափոխուին, հոն աշխատին, փոխանակ հոս Լիբանանի մէջ չարչարուին, քանի որ այստեղ տնտեսական տագնապը ահռելի է,  եւ չենք գիտեր օրը ինչ կը բերէ:

 

-Եթէ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական նոր խնդիրներ ըլլան, ներքին պատերազմ ըլլայ, հայութիւնը պիտի կրնա՞յ դիմագրաւել գալիք դժուարութիւններուն:


Քաղաքացիական պատերազմ Աստուած տայ որ չըլլայ։  Մենք  լիբանանահայերս այդ առումով    շատ       դառն   օրեր  ապրեցանք, դժուարութիւններ  տեսանք   ու պայքարեցանք...  Կայ  նաեւ իրականութիւն մը, որ այդ ժամանակ լիբանանահայուն արտօնութիւն չտուին, որ ճամբորդէ, գաղթէ որեւէ մէկ երկիր, որովհետեւ մեր կաթողիկոսութիւնը, ես անվախ կ'ըսեմ, հակառակ կեցաւ, եւ ոչ թէ միայն մեր կաթողիկոսութիւնը, նաեւ արաբ քրիստոնեայ պետերն ալ, չուզեցին որ Լիբանանը պարպուի քրիստոնեաներէ եւ մինչեւ այսօր ալ այդ գաղափարը ունին:  Անցեալին    հայութիւնը    աւելի ուժեղ  էր եւ այսօր պատկերը նոյնը չէ  եւ  անշուշտ այս բոլորը կը մտահոգեն  զիս  ու    անոնց, որ իմ նման կը  խորհին։