image
Հրատապ լուրեր:

«Մելգոնեանի խնդրով մենք պատրաստ ենք երկխօսութեան, բայց Բարեգործականը կը մերժէ...» Ռաֆֆի Ցնծալեան

«Մելգոնեանի  խնդրով մենք պատրաստ ենք երկխօսութեան, բայց Բարեգործականը  կը մերժէ...» Ռաֆֆի Ցնծալեան

«Արեւելք»ի  հարցերուն  կը պատասխանէ Melkonian Alumni  & Friends Միութեան համակարգող  Ռաֆֆի Ցնծալեանը։

 


-Ինչո՞ւ հետամուտ եղաք ստեղծել  «Մելգոնեանի բարեկամներու միութիւն»ը, ի՞նչ էր նպատակը:


Melkonian Alumni  & Friends միութիւնը, ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է, որ կրթաթոշակներ կը տրամադրէ հայ ուսանողներուն, նաեւ Բարեգործականի (նկատի ունի ՀԲԸՄ-ը-Խմբ.) միջոցաւ 400 000  ԱՄՆ  տոլարի հասնող  կրթաթոշակ կ՚ապահովենք:  Ըսեմ նաեւ, որ գումարները հիմնականին   մէջ մելգոնեանցիներէ     հաւաքուած   նուիրատւութիւններ  են, որպէսզի կարենանք օգնել  մեր աշակերտներուն: Վերջին երկու տարուան ընթացքին 5 ուսանողի կրթաթոշակ տուինք, առաւել Վենետիկի «Պո Արաքս» միութեան օժանդակեցինք, որպէսզի ամառնային իրենց ճամբարները յաջող ձեւով կ'այացնեն:

Երբ որ Բարեգործականը որոշեց փակել  ու ապա  վաճառել Մելգոնեանը , տարբեր երկիրներու մէջ կազմուած Մելգոնեանի սանուց միութիւններ միացան մէկ կազմակերպութեան տակ, որպէսզի Բարեգործականի այդ որոշման դէմ կեդրոնացուած աշխատանք տանին:  Որպէս առաջին քայլ, մենք փաստաբաններ վարձեցինք եւ Պոլսոյ պատրիարքին դիմեցինք, որ համաձայնեցաւ մեզի հետ դատի երթալ: Անշուշտ պատրիարքարան դիմեցինք, քանի որ Մելգոնեանի կտակին մէջ իրենք ալ մաս ունին, որուն մասին տեղեակ չէին, եւ այդպիսով կրցանք   այդ օրերուն  Տ. Մեսրոպ  արք. Մութաֆեան Պատրիարքին հետ (Պոլսոյ  84-րդ  Պատրիրաքը, վախճանեալ  2019 թուականի  մարտին-Խմբ.) միասին՝ Ամերիկայի եւ Կիպրոսի մէջ փաստաբաններու միջոցաւ միացեալ դատի երթալ:

Ամէն ջանք պիտի թափենք, որ դպրոցը չծախուի, վերաբացուի եւ մեր ազգին ծառայէ, քանի որ Մելգոնեան եղբայրներուն կտակը այն էր, որ մեր վրէժը առնենք ջարդէն, մեր ժողովուրդը ուսում առնէ եւ ոեւէ ուսանող դրամի պատճառով անուս չմնայ: Այս նպատակին համար էր, որ Մելգոնեան  եղբայրները  հարիւրաւոր, միլիոնաւոր տոլարներ կտակ ձգեցին Պատրիարքարանին, յետոյ Պատրիարքարանը      ճիշդ համարեց  գործակցիլ  Գալուստ Կիւլպէնկեանին  հետ։  Անկէ ետք էր, որ Մելգոնեան  վարժարանը  յանձնուեցաւ Բարեգործականին։ Յանձնուեցաւ    այն պայմանով, որ  դպրոցը երբեք չգոցուի, քանի որ կտակի գումարը բաւարար էր եւ հողատարածքը այնքան մը մեծ, որ   դպրոցը   այդ  տարածքին  շնորհիւ պիտի կարողանար իր  պիւտճէն  հաւասարակշռել։   Աւելի ուշ  եւ  դժբախտաբար Բարեգործականը տարբեր   առիթներով վարժարանի  հողատարածքէն շերտեր ծախեց, այն պատրուակով, որ     նիւթական   դժուարութիւններ   կան ...։

 Այդ բոլորէն ետք   տեղի ունեցաւ  անկանխատեսելին   ու հակառակ  անոր, որ վարժարանը  կը գտնուէր փայլուն  վիճակի մը  մէջ.   ՀԲԸՄ-ի  ղեկավարութիւնը  նպատակայարմար       համարեց փակել    դպրոցը։


-Շատ կը խօսուի, որ Բարեգործականը վճռած է ծախել Մելգոնեանի    հողատարածքը.   արդեօք ճի՞շդ է այդ տեղեկութիւնը, ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք  այդ մասին։


Այո՛ դժբախտաբար  այդպէս է։ Հազիւ  կարողանան,    այդ   մնացածածն ալ պիտի ծախեն:  Այստեղ   պարտիմ  նշել, որ  Մելգոնեանի  հողատարածքը    բաւական  մեծ  տարածք  եղած է,  տարիներու ընթացքին  Բարեգործականը, այդ  տարածքէն կարեւոր մասեր  վաճառած է։ Կրնամ  ըսել,   որ այսօրուան Մելգոնեանի  տարածքին կրկնապատիկը ծախած են եւ   գումարները    փոխանցած  Բարեգործականի հաշուին։

Այսօրուան  տարածքին մէջ կայ  անտառային  հատուած մը, որ անհնար է վաճառել, որովհետեւ Կիպրոսի  կառավարութիւնը      արգելք կը կանգնի, որ    մայրաքաղաքի   սրտին վրայ   եղող   այդ  կանաչ  տարածքը  վաճառուի...    Այս հարցով մենք Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ կապի մէջ ենք,  իրենք ալ չեն ուզեր, որ դպրոցը ծախուի: Անոնց  միջոցաւ  ալ  խօսակցութեան մէջ ենք Բարեգործականին  հետ։ Մեր դռները միշտ բաց   են  ՀԲԸՄ-ի հետ խօսելու  համար,  բայց իրենք կը մերժեն, եւ  ստիպուած կ՚ըլլանք դիմել միջնորդ  կողմերու, որպէսզի կարողանանք   շինիչ  երկխօսութիւն մը սկսիլ։

 

-Լսած էինք, որ Բարեգործականը    մտադիր է Մելգոնեանի փոխարէն Հայաստանի մէջ վարժարան մը  հիմնել, գուցէ արեւմտահայերէն թեքումով: Արդեօք որեւէ տուեալ ունի՞ք այդ  մասին:


Այո՛, Բարեգործականը խոստացաւ, որ երբ Մելգոնեանը  փակուի, Հայաստանի մէջ դպրոց պիտի  հիմնուի,  ինչո՞ւ չբացուեցաւ  մինչեւ այս  պահը   տուեալներ չկան...    

Անցեալին, երբ  Մելգոնեանը  փակեցին  պատճառաբանութիւնը   նիւթական  էր,  իբրեւ Մելգոնեանը    մեծ  բացի մէջ է, բայց իրականութիւնը   այլ էր։  

Ի վերջոյ   գոյութիւն ունի կտակ,  եւ այդ   մասին ալ  պէտք է թափանցիկ ու յստակ հաշուետւութիւն ըլլայ։   Տակաւին չեմ խօսիր  այն  եկամուտներուն մասին,  որ   Մելգոնեանը  ունէր,  ըլլայ  այն   վարձու տրուած     շէնքերէն   եկած  գումարը, կամ անհատ բարերարներու կողմէ Մելգոնեանին  յատկացուած  մեծ   գումարները։  Այս բոլորը  հարցեր են, որոնց  պատասխանը կը գտնուի Բարեգործականին մօտ եւ  այդ  համահայկական կառոյցի  ղեկավարութիւնը   պարտաւոր է այս բոլոր հարցերուն  պատասխան մը տալ։ Հաւանաբար Բարեգործականի  վերին ղեկավարութիւնը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի, այլապէս, այս վիճակով Բարեգործականը շատ մօտ ատենէն բոլոր դպրոցները պիտի ծախէ եւ  չենք հասկնար թէ ի՞նչ պիտի ընէ։  Արդեօք միայն մեռած մարդոց կտակներո՞վ պիտի ապրի, եթէ դպրոցներն ալ փակէ, ի՞նչ է իր գոյութեան իմաստը,  ի վերջոյ ինչի՞ պիտի  ծառայէ  այս  կարեւոր կառոյցը։

 

-Իսկ ձեր համադասարանցիները, բարեկամները, Մելգոնեանը վերաբանալու  գաղափարով ապրողները ի՞նչ կը մտածեն Մելգոնեանի խնդրին  մասին, ի՞նչ հեռանկարներ կան...  


Մելգոնեանցիները համայն աշխարհի մէջ, տարբեր տեղեր՝ Լոնտոն, Կիպրոս, Յունաստան, Թուրքիա, Աւստրալիա, Գանատա, Թորոնթօ, Մոնթրէալ եւ Ամերիկա, ամէնքս 95 առ հարիւր միասնակամ ենք, միասին կ'աշխատինք եւ մեր նպատակը նոյնն է հարկաւ՝ դպրոցը վերաբանալ։  Անշուշտ  շատ լաւ  գիտենք ինչ կարեւորութիւն ունի    մեր դպրոցին վերաբացումը, քանի որ այն աշակերտները, որոնք  տարբեր երկիրներէ Կիպրոս եկան եւ Մելգոնեանէն շրջանաւարտ եղան, վերադառնալով իրենց երկիրներ՝ միացեալ ուժ մը կազմեցին, սփիւռքի ուժն    էր այդ մէկը, սփիւռքի համար սերունդներ պատրաստուեցան՝ խմբագիրներ, տնօրէններ, գիտնականներ եւայլն, եւ կ'ուզենք որ այդ գործը շարունակուի, հարկաւ, ոչ թէ այդ հին ձեւով ինչպէս որ կար, այլ աւելի  արդիական  ձեւով. օրինակ այնտեղ ըլլայ արեւմտահայերէն լեզուի կեդրոն, Ցեղասպանութեան   թանգարան-կեդրոն, սփիւռքի կեդրոն։ Հայաստանի կառավարութիւնն ալ  կրնայ  մաս  կազմել  այդ ծրագիրներուն։  

 

-Գալով Ամերիկեան ափերուն, չէ՞ք կարծեր որ Մելգոնեանի պէս վարժարան մը նաեւ Ամերիկայի համար պէտք է, որովհետեւ մենք գիտենք, թէ ինչպիսի արագընթաց կերպով  հայ լեզուն, հայ մշակոյթը կը նահանջեն արեւմուտքի մէջ, ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:


Շատ լաւ կը հասկնանք, որ Ամերիկայի մէջ դպրոց պահելը շատ դժուար է, հակառակ անոր, որ  բաւական մեծ  թիւով  հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ ունինք Քալիֆորնիոյ, նաեւ միւս նահանգներուն մէջ: Պէտք է հայկական դպրոց ունենանք, որպէսզի մեր ազգը շարունակէ գոյատեւել, չնահանջէ, նահանջը մեզի կը տանի  դէպի քայքայում եւ  տկարացման:  Նայինք մեր թշնամին ինչ կ'ընէ, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը այսօր միլիոնաւոր տոլարներ  կը ծախսեն մեզի պէս սփիւռք, մեզի պէս առաջնորդներ ունենալու համար, պէտք է արթննանք եւ մեր ապագան կերտենք, թէ ոչ մեր ապագան պիտի ըլլայ   շատ  մութ:

Հարկաւ շատ մը տեղերու մէջ կրնայ Մելգոնեան բացուիլ, նոյնիսկ Ամերիկայի մէջ, բայց այդ ամէնը ծախսի խնդիր է: Այս առումով՝  մեծ թիւով հարուստներ ունինք եւ ամէն ինչ կարելի է ընել, եթէ նպատակը, բլանաւորումը ճիշդ ըլլան։

 Չպէտք է մոռնալ, որ   Մելգոնեանը  Կիպրոսի մէջ    վերաբանալը    կարեւոր է, ոչ միայն  անոր համար, որ պատմական կառոյցը    այնտեղ  է, այլ նաեւ անոր համար, որ  այդ  երկիրը  տարբեր առումներով ալ    հայանպաստ   դիրք ունի  եւ թէ ալ  աշխարհագրական-քաղաքական  մեծ  նշանակութիւն ունեցող  երկիր է։

Կիպրոսի կառավարութիւնը  միշտ  ալ Մելգոնեանի   նեցուկ կանգնած է  եւ    եթէ պատահի, որ այսօր ալ դպրոցը   վերաբացուի    վստահ եմ, որ կիպրացիները  մեր կողքին   պիտի կանգնին։


-Գիտենք, որ Մելգոնեանը  սովորական դպրոց մը  չէր. Ի վերջոյ  օճախ էր եւ տուն էր։  Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին։  


Մելգոնեանը աւարտողներս, երբ ետ կը նայինք, թէ ի՞նչ տոաւ Մելգոնեանը մեզի, կը հասկնանք, որ Մելգոնեանը մեր տունը եղաւ, եւ կ'ուզենք,  որ  այդ մէկը շարունակուի, նոր աշակերտներ գան, նոր առաջնորդներ ունենանք, որպէսզի սփիւռքը զօրաւոր հիմքեր ունենայ։ Դպրոց   փակելը  լուծում չէ, մանաւանդ  երբ խնդիրը կը վերաբերի սփիւռքին։  Ի վերջոյ  մեր  նորահաս  սերունդները, ինչպէ՞ս հայերէն պիտի սորվին, ինչպէ՞ս իրարու հետ կապ պիտի պահեն, ինչպէ՞ս ընկերներ պիտի ունենան, ինչպէ՞ս մեր հայ ժողովուրդը առաջնորդներ պիտի ունենայ, երբ որ  Մելգոնեանի  առաքելութիւնը  ունեցող դպրոցներ չունենանք։