image

«Եթէ աշխատասէր ես, Երեւանի մէջ ալ կը յաջողիս». Հալէպահայ Շանթ Ժամկոչեան

«Եթէ աշխատասէր ես, Երեւանի մէջ ալ կը յաջողիս». Հալէպահայ  Շանթ  Ժամկոչեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած սուրիահայ ձեւաւորող Շանթ Ժամկոչեանը.


-Վերջին շրջանին պատերազմին հետեւանքով ստիպուած եղաք փոխադրուիլ Երեւան, արդեօք ճի՞շդ էր ձեր առած քայլը, ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:


Մենք՝ ես ու մայրս, բաւական ուշ՝ 29 Սեպտեմբեր, 2016-ին Սուրիայէն հեռացանք: Մեր  հեռանալէն  երեք ամիս ետք արդէն հանդարտեցաւ Հալէպի վիճակը: Նախ Լիբանան գացինք, մօտ երկու տարի հոն մնացինք, բայց ետքը ես ու մայրս որոշումի հասանք, որ մեզի համար ամենայարմար, եւ ամենապահով տեղը Երեւանն է։   Ծանօթ չէինք Երեւանին, առաջին գալերնիս էր, բայց շատ հաւնեցանք եւ հանգիստ ենք: Հոս գլուխդ երբ բարձին դնես, հանգիստ քուն մը կը քնանաս, գիտես, որ վռնտող չկայ, քու երկիրդ է, քու լեզուդ է: Բացարձակապէս դժգոհ չենք որ եկանք, գործն ալ կամաց կամաց համբերանքով կ'ըլլայ, որովհետեւ դեռ նոր եմ այս միջավայրին մէջ, մէկ անգամէն չեմ կրնար  քայլ առնել, պէտք է երկրի պայմաններուն ծանօթանամ , ժողովուրդին հետ շփում ունենամ, որ հասկնամ ինչը  աւելի կ'ընդունին:

 

-Դուք ի՞նչ գործով կը զբաղիք:

 

Որպէս ուսում, Bussiness management (առեւտրական համակարգում)  ուսած եմ, նաեւ  ձեւաւորող  (Fassion  Designer) եմ: Հիմա արդէն «Տալմա» մոլի մէջ  հագուստի խանութի մէջ կ'աշխատիմ, որովհետեւ կը կարծեմ, որ երբ պահը գայ եւ որոշում առնեմ իմ սեփական գործը հիմնել, կը կարծեմ անեմայարմարը հագուստ արտադրելու գործը պիտի ըլլայ: Անշուշտ  այս ձեւով քիչ մը շուկային կը ծանօթանամ, կը հասկնամ հոս ինչ ձեւով կ'աշխատին եւ ժողովուրդին ճաշակը կը հասկնամ, թէ  ինչ է շուկայի   պահանջը։  

 

-Սկզբնական շրջանին երբ Երեւան փոխադրուեցաք ի՞նչ էին գլխաւոր դժուարութիւնները եւ արդեօ՞ք այդ դժուարութիւնները յաղթահարեցիք: Ի՞նչ կրնաք պատմել ձեր ապրած փորձառութեան մասին:

 

Որեւէ երկիր որերթաս, սկզբնական շրջանին դժուարութիւններու կը հանդիպիս բնականաբար, բայց հոս դժուարութիւնները շատ աւելի նուազ են, որովհետեւ լեզուն արդէն գիտես,  եւ որեւէ բանի պէտք ունենաս, ժողովուրդին կրնաս հարցնել: Առաջին շրջանին իմ ունեցած դժուարութիւններս նախ ճամբաները, փողոցները չգիտնալն էր, որ սորվեցայ, երկրորդ՝ ռուսերէն չգիտնալը, բայց հիմա գործի բերումով սկսայ բաւական ռուսերէն բառեր սորվիլ: Ուրիշ դժուարութիւններ չկան, ընդհակառակը, շատ ուրախ ենք, շատ հանգիստ,Երեւանի մէջ դրական  կողմերը  շատ կան, հոսանք կայ, ջուրը առատ,  եւ  բնութիւնը  գեղեցիկ։

 

-Նոր շրջապատին մէջ ինչպէ՞ս էր վերաբերմունքը քու հանդէպդ, որպէս Սուրիայէն  Երեւան  հաստատուած սփիւռքահայի:


Շատ բարեհամբոյր եւ յարգալից վերաբերմունքի կ'արժանանանք որպէս սուրիահայեր: Առաջին շփումս, անձնագիր հանելու ժամանակ եղաւ, պաշտօնեաները շատ ազնիւ եւ շատ յարգանքով էին մեր հետ: Եւ ընդհանրապէս ժողովուրդի վարուելակերպին մէջ ես որեւէ վատ բան չտեսայ, ընդհակառակը, շատ ազնիւ ժողովուրդ է, գործի բերումով օրական 100-150 յաճախորդի հետ կը շփուինք, ինչ որ ես զգացի, յաճախորդը երբ լսէ  որ սուրիահայ եմ, Լիբանան ապրած եմ,  ձեւաւորող եմ, շատ հանգիստ կը զգայ եւ կարծիքս կ'առնեն  իրենց ընտրութեան մէջ:  Որեւէ մէկ զատողութիւն չեմ զգացած գործիս  մէջ տնօրէնէն կամ գործատէրէն,  միշտ եղբայրական մթնոլորտ կայ, բոլորէն մեծ յարգանք տեսած  եմ, նոյնիսկ թաքսիի վարորդներէն:

 

-Կ'ըսուի, որ սուրիահայերը դրական երանգ մը բերին Հայաստանին, իրապէ՞ս այդպէս է, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանես սուրիահայերու Հայաստանի մէջ գտնուիլը:


Ես Հայաստանին դեռ նոր ծանօթացայ, առաջ ինչպէս էր չեմ գիտէր, որ եղած փոփոխութիւնը նկատեմ, բայց շատ ընկերներ ունիմ, որ երկար տարիներէ  ի վեր   հոս են, յաջողութիւն գտած են։ Անոնցմէ շատեր  կ՚ըսեն,   որ այս 7-8 տարիներուն շատ մեծ փոփոխութիւններ եղած է քաղաքին մէջ, ժողովուրդի հագուածքին, գործի ձեւին մէջ։   Տեսանելի է նաեւ, որ  մեծ   թիւով սուրիահայեր գործատեղիներ, ճաշարաններ բացած են, ծառայութեան նոր մշակոյթ բերած են իրենց հետ: Իմ կարծիքով, Երեւանի մէջ յաջողութեան հասնիլը անձէն կախեալ է, ան որ աշխատասէր է, անշուշտ շատ լաւ տեղ կը հասնի, իսկ ան որ ծոյլ է, վստահ գործ պիտի չգտնէ եւ պիտի ըսէ, որ հոս գործ չկայ: Բայց ես, ինչ որ նկատի առի, ըլլայ սուրիահայը կամ լիբանանահայը, ուր ալ ըլլան, միշտ աւելի բարձր դիրքերու կը հասնին իրենց գործին մէջ:

 

-Մենք գիտենք նաեւ, որ սուրիահայերը շատ քիչ, կամ համարեայ  չեն խառնուիր Հայաստանի ներքին խնդիրներուն, ըլլայ բնապահպանական, կրթական, տնտեսական եւ մանաւանդ քաղաքական, միշտ կ'ուզեն իշխանութեան կողքին ըլլալ, արդեօք այս մօտեցումը ճի՞շդ է:


Այո, շատ չեն խառնուիր, ես ալ անոնցմէ մէկն եմ, յարգանք ունիմ բոլոր պետական մարդոց հանդէպ, կը յուսանք որ իրենց գործունէութեան արդիւնքով Երեւանը աւելի լաւ դառնայ, ուրիշ բանի չեմ սիրեր խառնուիլ, ինչպէս որ Սուրիոյ մէջ ալ չէի խառնուէր, մանաւանդ որ քաղաքականութենէ շատ  չեմ հասկնար:

 

-Սուրիահայութիւնը երեք խաւերու կրնանք բաժնիլ, անոնք որոնք հեռու ափեր գացին, անոնք, որոնք Սուրիոյ մէջ կը շարունակեն իրենց գոյատեւումը եւ անոնք, որոնք Հայաստան կ'ապրին: Այս երեքին մէջ կը կարծէ՞ք որ Հայաստանի մէջ ապրողները ամէնէն շահաւորներն են, եւ ինչո՞ւ:


Ինչ որ Հալէպի մէջ եղող հարազատներէս, բարեկամներէս կը լսեմ,  Հալէպի մէջ այս վերջին շրջանին պայթումներու վերսկսումը յուսահատ վիճակի մատնած է զիրենք, անոր համար կը կարծեմ, ան որ կը մտածէ  Հալէպէն  հեռանալ, ամենալաւ, ամենահանգիստ տեղը, մանաւանդ տարիքով մեծ եղող մարդոց համար, Երեւանն է: Կը քաջալերեմ որ հոս գան եւ կը կարծեմ,  որ ըլլայ Եւրոպայի կամ Հալէպի մէջ, բոլոր հայերուն համար վերջին կայանը Երեւանը պիտի ըլլայ: