image

«Սփիւռքի երիտասարդութեան առողջ տարրը աւելի նպատակասլաց է...» Լիբանանահայ հայրենադարձ երիտասարդ Վարագ Գէօհիւլեան

«Սփիւռքի երիտասարդութեան  առողջ  տարրը  աւելի նպատակասլաց է...» Լիբանանահայ հայրենադարձ երիտասարդ Վարագ Գէօհիւլեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանող լիբանանահայ Վարագ Գէօհիւլեանը.


-Ի՞նչ պայմաններու տակ որոշեցիք ձեր ուսումը Հայաստանի  մէջ  շարունակել:


Լիբանանի մէջ առիթ չունենալով անասնաբուժութեան մասնագիտութիւն ստանալու, ակամայ մէկ տարի յաճախեցի LAU համալսարանը,  դառնալով  առեւտրային կառավարման   ոլորտի  (Bussiness management) ուսանող: Երբ առիթը ունեցայ անասնաբուժութիւն ուսանելու Հայաստանի  պետական Ագրարային համալսարանին մէջ, որոշեցի   տեղափոխուիլ եւ երազանքս իրականացնել: Պէտք  է նաեւ նշեմ,  որ  ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը առիթ տուաւ անվճար ուսանելու:

Հայաստանի մէջ ուսանիլը ունի շատ առաւելութիւններ, թէ՛ նիւթական, թէ ալ ապահովութեան առումով:

 

-Արդեօք այդ որոշումը առնելէ ետք երբեւիցէ զղջացի՞ք:

 

Ոչ, բնաւ չզղջացի, որովհետեւ մանկութեանս երազանքը կը կատարեմ եւ հայրենիքիս աւելի մօտէն կը ծանօթանամ: 

 

-Հայաստանի  եւ  Լիբանանի     կրթական  համակարգերուն  միջեւ  ակնյայտ    տարբերութիւններ կա՞ն։ Այդ առումով դժուարութիւններ ունեցա՞ք:


Հայաստանի կրթական համակարգը Լիբանանի կրթական համակարգէն կը տարբերի, աւելի նուազ  ճիւղեր ունենալու  տեսակէտէն: Սկզբնական շրջանին կարգ մը դժուարութիւններ ունեցայ, որովհետեւ ուսումս արեւելահայերէնով էր, բայց դիւրութեամբ կրցայ յաղթահարել այդ դժուարութիւնը, որովհետեւ մայրենի լեզուս է:

 

-Ինչպէ՞ս էր ձեր շրջապատին արձագանգը եւ ինչպէ՞ս ընդունեցին ձեզի, ըլլայ ուսուցչական կազմը կամ դասընկերներու միջավայրը:


Առաջին օրէն  իսկ , դասընկերներս զիս կը քաջալերէին, որ Հայաստան եկած եմ ուսանելու եւ ամէն ճիգ ըրին, որպէսզի  օտար չզգամ: Իսկ դասախօսները յաւելեալ ժամանակ տրամադրեցին  ինծի՝ լեզուական եւ ուղղագրական տարբերութիւնները բացատրելու համար:

 

-Տարբերութիւններ կը գտնէ՞ք այսօրուայ Հայաստանի նոր սերունդին եւ սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդութեան մտածելակերպին մէջ:


Ցաւով    պիտի ըսեմ, որ սփիւռքի մէջ  ծնած- մեծցած երիտասարդներու կարեւոր խաւ մը կայ, որ աւելի հայրենասէր է, քան Հայաստանի մէջ ծնած  երիտասարդներէն շատ-շատերը։ Այս մէկը   չարութեամբ  չէ որ կ՚արձանագրեմ, այլեւ կը ներկայացնեմ, որպէս   փաստ, երեւոյթ մը, որուն  պատճառներուն մասին պէտք է  բոլորս ալ  մտածենք։ Սփիւռքահայ երիտասարդը իր առջեւ նպատակ   դրած է  Հայաստան հաստատուիլը, քան հայրենիքի մէջ ապրող  երիտասարդներէն    շատ-շատերը, որոնց համար  գերագոյն նպատակ  դարձած է Հայաստանէն  հեռանալը։

 

-Կ'ըսեն, որ Միջին Արեւելքի   երիտասարդութեան  մեծամասնութիւնը նպատակ ունի Հայաստան փոխադրուիլ: Արդեօ՞ք այդ մէկը մօտ է իրականութեան: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը:


Միջին Արեւելքի երիտասարդութիւնը արդէն իսկ սկսած է փոխադրուիլ Հայաստան եւ վստահ եմ, որ  այդ թիւը պիտի շատնայ։ Խօսքը անշուշտ  միայն ուսանող  խաւին մասին չէ,  այլ   նաեւ աշխատող  խաւին  մասին  է։

Իսկ  սպասուած  տեղաշարժին  հիմնական    պատճառը  Միջին Արեւելքի մէջ կը տիրող  անկայուն   եւ անհեռանկար   վիճակն է...։

 

-Եթէ Հայաստանի երիտասարդութիւնը առնենք որպէս մէկ ամբողջական գործօն, որուն մէջ կան  սփիւռքահայեր եւ արցախցիներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն Երեւան հաստատուած երիտասարդներ, ի՞նչ է այն դրուածքը, որուն  շուրջ   պէտք է  այդ  երիտասարդութիւնը   համախմբուի, լուծելու  համար  հայութեան  առջեւ   ծառացած   հիմնական խնդիրները։


Սուրբ երրորդրութիւն՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, պէտք է միասնական ըլլան, իրար յարգեն, իրար  հետ կարծիք փոխանակեն, որպէսզի հայ ազգը միասնական ըլլայ, ամուր եւ անկոտրում ըլլայ, որովհետեւ միութիւնը զօրութիւն է:

Ներքին խնդիրներ չունենալով, վստահ եմ,  որ  կը  կարողանանք  ազատ անկախ եւ միացեալ հայրենիք մը  կերտել։