image
Հրատապ լուրեր:

«1915 թուականին Թալէաթ փաշային աջակցող հայեր կային։ Ցաւօք, այսօր եւս կան»Փայլան շատ սուր կերպով դիմադարձեց Եսայեանին

«1915 թուականին Թալէաթ փաշային աջակցող հայեր կային։ Ցաւօք, այսօր եւս կան»Փայլան  շատ սուր կերպով  դիմադարձեց  Եսայեանին

Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր,  իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP) ներակայացուցիչ Մարգար Եսայեանը իշխանամէտ «Akşam»-ին մէջ յօդուած է հրապարակած է: Եսայեանը, անդրարդառնալով ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի եւ նոյն կուսակցութեան պատգամաւոր Էպրու Կիւնալի՝ Լատինական Ամերիկա կատարած այցին, գրած է.

 

«Երկու HDP -ական պատգամաւոր շրջագայութեան ելած են Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Միջազգային ուժերէն խնդրած են միջամտել Թուրքիոյ գործերուն։

Երկիր առ երկիր, խորհրդարան առ խորհրդարան շրջելու եւ միջազգային ուժերէն Թուրքիոյ գործերուն միջամտել խնդրելու անոնց այս վարքագիծը ինձ ժամանակի մեքենայով տեղափոխեց նախորդ դարասկիզբ։ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը» (PKK) եւ HDP -ն դաշնակցականներէն ու հնչակեաններէն աւելին են, բայց պակաս չեն», - գրած է իշխանական պատգամաւորը՝ նշուած ուժերու գործունէութիւնը որակելով որպէս «քաղաքական մուրացկանութիւն»։

 

Կարօ Փայլանը Twitter-ի իր էջին բաւական  խիստ գրառմամբ անդրադարձած է վերոյիշեալ յօդուածին:

 

«Լատինական Ամերիկայի մէջ մեր բոլոր հանդիպումներու ժամանակ մենք միայն կոչ ըրած ենք աջակցելու Թուրքիոյ ժողովրդավարական ուժերուն։ Սա ակնյայտ զրպարտութիւն է։ Եթէ ըսուածները չապացուցես, ուրեմն զրպարտիչ ես, Մարգար։

1915 թուականի Ապրիլ 24-ին ձերբակալման ենթակայ հայերու ցուցակները կազմելու ժամանակ Թալէաթ փաշային աջակցող հայեր ալ կային։ Ցաւօք այսօր եւս կան»:

 Նիւթը ՝Ermenihaber-էն