image

Լիբանանի մէջ սուր տագնապը կը շարունակուի . Տոլարը դէպի 1800՞

Լիբանանի մէջ  սուր տագնապը կը շարունակուի . Տոլարը   դէպի 1800՞

Վերջին օրերուն Լիբանանի  հասարակութիւնը  յուզող հիմնական հարցերէն մին երկրի   դրամի ՝ լիրայի  կայունութեան խնդիրն է։

Լեռնալիբանանի մէջ    եղած  ապահովական միջադէպէն ետք վարչապետ Հարիրիի  գլխաւորած  կառավարութիւնը, շուրջ  քառասուն օրուան «ստիպուած  դադար» առնելէ ետք սկսած է իր  աշխատանքներուն, բայց  եւ այնպէս    արեւմտեան երկիրներու  կողմէ Լիբանանի  համար նախատեսուած  տնտեսական օժանդակութեան  ծրագիրները  կը շարունակեն մնալ  սառած  վիճակի մը մէջ։

Մինչ տնտեսական վերլուծաբաններ կը  գրեն, թէ արեւմտեան երկիրներու ու  յատկապէս Եւրոպայի  կողմէ  Լիբանանը  օգնելու միտուած  ծրագիրներուն    ուշացումը կապ ունի   Լիբանանի տնտեսական ցուցանիշները  քննող եւ  զանոնք  հրապարակայնացնող կազմակերպութիւններու      ժխտական      եզրակացութիւններուն հետ, անդին   փոքրաթիւ բայց  խորք  ունեցող  վերլուծողներ  եկած են  այն եզրակացութեան, որ Լիբանանի  մէջ տիրող  եւ շարունակուելու միտող   տնտեսական  բարդ դրութիւնը  ունի   քաղաքական  ենթաթեքստեր։

Այս բոլորը մէկդի  դնելով եւ   ներկայացնելով  կարեւոր փաստարկ մը նշենք, որ  երէկ  Պէյրութի մէջ ամերիկեան տոլարի  սակը (սեւ շուկայի մէջ)   մէկ    տոլարի դիմաց  հասած է 1550 լիրայի (մինչ  պաշտօնական սակը 1500 լիրա է)։

Սա անշուշտ  ոչ  պաշտօնական  շրջանառութեան  կամ սակագնի   մասին է, բայց  եւ   այնպէս յստակ է, որ   տնտեսական փլուզման  առաջին  նախանշաններէն  ի յայտ  կու գան   լիրայի  տատանումներով եւ «անհանգիստ»  վիճակով։

Այս  բոլորին կողքին   կայ  նաեւ խօսակցութիւն, որ եթէ      եւրոպական  եւ արաբական ծոցի երկիրներու Լիբանանին  «ուղղուած» տնտեսական  «ամպարկո»ն  շարունակուի   ապա    լիբանանցիք մէկ  ամերիկեան  տոլար գնելու  դիմաց  վճարել   1800    լիրա  եւ սա  արդէն  կը համարուի կամ պիտի համարուի   Լիբանանի   մէջ   տնտեսական քաոսային    վիճակի  սկիզբ։

Ամէն  պարագայի  համայնքային եւ քաղաքական  բարդ  տարակարծութիւններու մէջ  «լողացող»  Լիբանանի  դրութիւնը  անպայմանօրէն կապ ունի   շրջանի ընդհանուր լարուածութեան հետ, որուն մէկ   ծայրը  կը գտնուի      Միջին Արեւելքի  իր ծրագիրներուն մէջ  մեծ  ձախողումներ  «գրանցած» Ռիատին  մէջ, իսկ միւս «ձեռքը»   ամերիկեան  պատժամիջոցներուն դէմ   «մահ ու կենաց»  պայքար  մղող  Թեհրանի   մէջ։

 

 Սպասենք  զարգացումներուն։