image

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տաղաւարներէն մէկը. Այսօր կը նշենք Աստուածածնայ վերափոխման տօնը

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տաղաւարներէն մէկը. Այսօր կը նշենք Աստուածածնայ վերափոխման տօնը

Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին 15 օգոստոսին նշած է Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը: Այն հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է եւ Տիրամօր նուիրուած տօներէն ամենահինը:

Սբ. Կոյսը Յիսուս Քրիստոսի խաչելութենէն ետք ապրած է Երուսաղէմ, Յովհաննէս Աւետարանիչի խնամատարութեան ներքոյ: Շուրջ 12 տարի Աստուածամայրը պահքով յաճախ այցելած է իր սիրասուն որդիի գերեզմանը ու անդադար աղօթած: Այդ այցելութիւններէն մէկուն ժամանակ ալ անոր յայտնուած է Գաբրիէլ հրեշտակապետն ու աւետած Տիրամօր՝ երկրային աշխարհէն Վերին Երուսաղէմ վերափոխուելու լուրը: Աստուածածինն ալ այս բարի լուրը յայտնած է իր ազգականներուն ու միւս բոլոր քրիստոնեաներուն՝ պատուիրելով, որ զինք թաղեն Գեթսեմանիի ձորակին մէջ: Սբ. Կոյսը նաեւ պատուիրած է Յովհաննէս առաքեալին, որ վերջինս սուրբ պատարագ մատուցէ, որպէսզի ինքը վերջին անգամ սուրբ հաղորդութիւն ընդունի:

Հաղորդուելէ ետք Աստուածամայրը գացած է Վերնատուն: Մինչ առաքեալները կու լային, Յովհաննէսը վերցուցած է տախտակ մը ու տուած Աստուածածնին եւ խնդրած, որպէսզի ան իր պատկերը դրոշմէ անոր վրայ: Տիրամայրը վերցուցած է տախտակը, խաչակնքած եւ երեսին դրած, այնուհետեւ թրջած արցունքներով եւ Աստուծմէ խնդրած, որ այդ տախտակի միջոցով մարդիկ բժշկուին: Երբ առաքեալները շրջապատած են Տիրամօր մահիճը, աննկարագրելի լոյս մը երեւցած է: Սենեակի վերը յայտնուած է Քրիստոսը՝ հրեշտակներու զօրքով: Տեսնելով որդին՝ Աստուածամայրը աւանդած է հոգին:

 Սբ. Բարդուղիմէոս առաքեալը, որ կը բացակայէր յուղարկաւորութենէն, վերադառնալով Երուսաղէմ, ուզած է վերջին անգամ տեսնել Աստուածամայրը: Առաքեալները անոր խնդրանքով բացած են գերեզմանը, սակայն այնտեղ չէ եղած Սբ. Կոյսի մարմինը: Այդ կը նշանակէր, որ Յիսուս իր խոստման համաձայն երկինք փոխադրած էր Մօրը: Առաքեալներն ալ փայտի վրայ դրոշմուած պատկերը կու տան Բարդուղիմէոսին՝ որպէս մխիթարութիւն:

Աստուածածնի Վերափոխման տօնի օրը, սբ. պատարագէն ետք կը կատարուի խաղողօրհնէք: Կ'օրհնուի նաեւ տարուան ողջ բերքն ու բարիքը:

Աստուածամօր մեծարման խաղողօրհնէքի զուգահեռելը՝ մայրութեան ու պտղաբերութեան խորհուրդ ունի: Այս տօնը հարազատ է ժողովուրդին. աւանդոյթը հեթանոսական արմատներ ունի: Բերքի հասունացման հետ,  խաղողով կը նշուէր Անահիտի՝ մայրութեան հեթանոսական աստուածուհիի տօնը:

Գինին կը կապուէր սիրոյ, գեղեցկութեան աստուածուհիի՝ Աստղիկի, եւ հիւրընկալութեան, այգեգործութեան ու բերքի հովանաւոր՝ Վանատուրի հետ: Խաղող կը մատուցուէր հայ հեթանոսական դիցարանի՝ անդրաշխարհի աստուծոյ՝ Սանդարամետի մեհեանին: