image
Հրատապ լուրեր:

«Աղբի հարցը կը սպառնայ Լիբանանին».Լիբանանցի լրագրող

«Աղբի հարցը  կը սպառնայ Լիբանանին».Լիբանանցի  լրագրող

 «Աղբահանութեան հարցը   կը սպառնայ    Լիբանանին»  այսօր այսպէս յայտարարած է   Լիբանանցի  լրագրող եւ վերլուծաբան Ղասսան Ժաուատը։

 

 Ժաուատ, որ խօսած է  LBCI    կայանէն  նկատել տուած է,  որ  «երկրի   կառավարման կառուցուածքը      բարդ  ըլլալուն հետեւանքով   այսօրուան կառավարութիւնը     յայտնուած է անկարողութեան  առջեւ»։

 

 Յիշեցնենք, որ  անցնող երեք օրերուն ընթացքին  լիբանանեան մէկէ աւելի շրջաններու մէջ քաղաքացիներ փողոց  իջնալով   կառավարութիւնէն  պահանջած են անմիջապէս լուծել  աղբահանութեան  հարցը։

 

 Աղբահանութեան խնդիրը շեշտակիօրէն տագնապալի դրութեան   մէջ  է մասնաւորապէս երկրի հիւսիսային    շրջաններուն մէջ,     այդ շրջաններուն համար նախատեսուած  աղբի կայաններէն  մէկուն  փակումէն ետք։

 Նոյն   հարցը կրնայ  տագնապի վերածուիլ    հայահոծ   Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ,  որուն աղբակայանը   նոյնպէս   դարձած է անօգտագործելի եւ այնտեղ  աղբեր   թափելը  դարձած է անկարելի։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ եթէ   վարչապետ Հարիրիի   կառավարութիւնը չկարողանայ  արագօրէն լուծել  աղբակայններու հարցը, ապա   ամբողջ երկրին  մէջ կրկին անգամ  գլուխ պիտի ցցէ         աղբահանութեան       տագնապը, որ  իրողապէս կը սպառնայ երկրի կենսոլորտի  ոլորտին,ինչպէս նաեւ   քաղաքացիներու առողջութեան։