image

Հայաստան հերթական անգամ մարդասիրական օժանդակութիւն ուղղարկեց դէպի Սուրիա

Հայաստան հերթական  անգամ մարդասիրական օժանդակութիւն ուղղարկեց դէպի Սուրիա

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութիւններու համատեղ որոշմամբ Սուրիա  ուղարկուած է  Ռուս-հայկական մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի կողմէ տրամադրուած հերթական օգնութիւնը:Այս մասին «Արմենպրես»-ին տեղեկացուցած է ՀՀ ԱԻՆ  տեղեկատուութեան եւ հասարակականութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Մարդասիրական օգնութիւնը նախատեսուած է Սուրիոյ բնակչութեան համար, որ տուժած է ռազմական տագնապի հետեւանքով:

  Ըստ  նոյն   աղբիւրին Հայաստանի  Արտակարգ  Իրավիճակներու  նախարար  նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան ճանապարհած է  դէպի Սուրիա 9 բեռնատարներով  բեռնուած մարդասիրական օգնութիւն, որոնք կը պարունակեն միսի պաահածոյ՝52,5 թոն, ձկան պահածոյ՝ 35 թոն, 40 թոն շաքար,  եւ այլ  առաջին անհրաժեշտութեան  տեսակի պարէնային նիւթեր։

Հայկական եւ ռուսական կողմերու  ներկայացուցիչները մարդասիրական օգնութիւնը պիտի յանձնեն Սուրիոյ «Կարմիր մահիկ»ի ներկայացուցիչներուն, որու միջոցով ալ  յետագային  պէտք է իրականացուի բաշխումը: