image

Չինաստանի հզօրը ՝ «Հաուաուի»ն դէպի սուրիական ափեր

Չինաստանի  հզօրը ՝ «Հաուաուի»ն   դէպի   սուրիական  ափեր

«Չինաստանը նոր խաղցողի դերով Սուրիոյ մէջ», այս խորագրով The nation կայքը հրապարակած է յօդուած մը, ուր կը նշէ թէ ԱՄՆ  նախագահ՝ Տոնալտ Թրամփի Սուրիայէն քաշուելու յայտարարութենէն ետք, Չինաստանի դերը ընդլայնուած է Սուրիոյ մէջ:

Ըստ կայքին, Սուրիայէն Ամերիկայի նահանջին մէջ Չինաստանը  «ոսկեայ առիթ» գտած է տնտեսականօրէն աւելի ընդարձակուելու ու ամրապնդելու «Գօտին եւ Ճանապարհը» նախաձեռնութիւնը, որ կը ձգտի վերակենդանացնել պատմական «Մետաքսի Ճանապարհը» ծրագիրը  իրարու կապելով Չինաստանը, Ասիան եւ Եւրոպան:  

Կայքը մատնանշած է թէ Չինաստանը նուիրած է 23 միլիառ ամն  տոլար արժողութեամբ  օժանդակութիւններ արաբական երկիրներու  եւ   յատկապէս   Սուրիոյ, ուր գտած է  Եգիպտոսի Սուէս նեղուցիը փոխարինող՝ սուրիական  Լաթաքիան, որ կրնայ նպաստել նեղուցին գործունէութեան, միեւնոյն ժամանակ  նուազեցնել  Չինաստան-Եւրոպա առեւտրային ծախսերը:

 Ըստ կայքին «Չինաստանը կը պատրաստուի առաջին դերակատարը ըլլալ Սուրիոյ վերաշինութեան ծրագրին մէջ, եւ այդ առընչութեամբ կազմակերպած էր Սուրիոյ վերաշինութեան առաջին ցուցահանդէսը յուլիս 2017-ին,  ուր խոստացած է  յատկացնել 2 միլիառ  ամն տոլար «արդիւնաբերական տարածք» մը կառուցելու աշխատանքներուն:

 Չինաստանը կը համարուի Սուրիոյ նաւթի ընկերութիւններու ամենամեծ գործընկերը, օրինակ՝   «Չինական ազգային նաւթային» ընկերութիւնը, որոշ  բաժնատոմսերու տէրն է: Ինչպէս նաեւ «Հաուաուի» ընկերութիւնը ստանձնած է Սուրիոյ հաղորդակցական կապերու վերականգնումը մինչեւ 2020 թուական»:

 Աղբիւրը  նաեւ  կը նշէ, Չինաստանը ընդդիմացած է, Սուրիոյ նախագահ՝ Ասատի հեռացման պահանջին,  եւ կողմնակից եղած է անոր արտաքին քաղաքականութեան, Սուրիան ինքնիշխան պահելու հարցով, որովհետեւ լաւ կը գիտակցի Ասատի  իշխանութեան  վրայ   մնալու կարեւորութեանը, իր  Միջին Արեւելքի  ընդլայնման ծրագիրներու իրականացման գծով, եւ հակաամերիկեան առեւտրային քաղաքականութեամբ: Ասատին աջակցութիւնը Չինաստանի կողմէ,  կը նպաստէ վերջինիս աւելի  մերձենալու Սուրիոյ քան Իրանն ու Ռուսիան:

 Կայքը  կ՚եզրակացնէ,  որ   այս բոլորէն Չինաստանը կարեւոր  դեր  պիտի ստանձնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, պայքարելու համար ԱՄՆ-ին դէմ , իր կողքին  ունենալով նաւթ արտադրող մեծագոյն երկիրներէն մէկը: