image

Հալէպի ՀՀ Հիւպատոսութեան եւ մարդասիրական առաքելութեան նպաստները՝ Ազգային ծերանոցին

Հալէպի   ՀՀ Հիւպատոսութեան  եւ   մարդասիրական  առաքելութեան  նպաստները՝  Ազգային  ծերանոցին

Յուլիս 13-ին եւ 15-ին, Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի կողմէ Հալէպի Հայ ծերանոցին եւ զինուորական հիւանդանոցին փոխանցուած են բժշկական եւ առողջապահական պարագաններ:
 
Ինչպէս հայկական ծերանոցի տնօրինութիւնը, այնպէս ալ սուրիական զինուորական հիւանդանոցի ղեկավարութիւնը իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնած են հայ բժիշկներուն՝ անհատոյց կերպով տրամադրուած բժշկական պարագաներու եւ դեղորայքի, ինչպէս նաեւ Հայ ծերանոցին մէջ, «Դարմանատուն» ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ շարք մը բժշկական այլ հաստատութիւններու մէջ ամենօրեայ ռեժիմով ցուցաբերուող բժշկական օժանդակութեան համար:
 
Զինուորական հիւանդանոցի պետ, զօրավար Ֆայէզ ալ-Այեուպին իր երախտագիտութիւնը յայտնած է հայ բժիշկներուն պատերազմի արհաւիրքներու հետեւանքով տուժած սուրիացիներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար։
 
Հիւանդանոցի պետը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ ՀՀ իշխանութիւններուն, մասնաւորապէս առողջապահական կառոյցներուն` առաջին իսկ օրերէն ցուցաբերած օգնութեան եւ աջակցութեան համար։