image

Հրատապ. Երկրորդ գիշերն ըլլալով Հալէպ կը ռմբակոծուի

Հրատապ. Երկրորդ գիշերն  ըլլալով Հալէպ կը  ռմբակոծուի

Երկրորդ   գիշերն ըլլալով Հալէպ քաղաքի   խաղաղ  բնակչութեան   շրջաններ   կը ռմբակոծուին։  Այս մասին  տեղեկութիւնը հաղորդեց Հալէպի մասին լուրեր  տարածող դիմատետրի  էջերը։

Աղբիւրը  նաեւ   հաղորեց,  որ այս  գիշեր    հրթիռներ ինկած են «Հալապ  ալ ժատիտատ»  եւ  «Համատանիյէ»  շրջաններուն վրայ։

Սկզբնական լուրերուն համաձայն,    հրթիռարձակումներուն հետեւանքով  գրանցուած են   զոհեր  եւ վիրաւորներ, սակայն     ճշգրիտ  տուեալներու  պակաս  գոյութիւն ունի։ Յիշեցնենք, որ  երէկ  եւս Հալէպ    թիրախ   դարձած էր ահաբեկիչներու  հրթիռներուն, եւ    ռազմական  զարգացումներուն  հետեւանքով  զոհուած էին ութը անձեր։

Հալէպի  իրավիճակը  կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ։

 

 

 Լուսանկարը՝ արխիւային